ՀԵՐՈՍ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:48 Second

armen-hovhannesian

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունուար 22-ին, Հայաստան հրաժեշտ տուաւ հերոս բանակային Արմէն Յովհաննիսեանին: Հերոս զինուորին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ զինուորական կարգով` Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած քաջերուն կողքին: Թաղման թափօրը ուղղուեցաւ “Եռաբլուր“ զինուորական պանթէոն, ուր հաւաքուած էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ` հրամանատարներ եւ քաղաքային պաշտօնեաներ` իրենց վերջին յարգանքը փոխանցելու Յունուար 20-ի լուսցող գիշերը ազերի ներթափանցումի (https://www.youtube.com/watch?v=OyzlFPqxBkU) հետեւանք, հերոսաբար զոհուած զինուորին:

Յուղարկաւորութեան մասնակցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսաւ.- “Հայաստանի եւ Արցախի մէջ լաւ կը հասկնան պաշտպանութեան գինը եւ ամուր կանգնած են սահմանին վրայ: Արմէնի օրինակը պիտի տարածուի ստորաբաժանումներուն մէջ եւ անով պիտի ոգեւորուին մեր զինուորները: Շուրջ երկու օր է, որ սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Երբեւէ այս քանակութեամբ կրակոցներ չեն եղած: Հասկնալի է` մտավախութիւն կայ, որ պատիժներ պիտի ըլլան: Մենք պահը պիտի գտնենք“:

Օհանեան նշեց, որ հակառակորդը արժանի հարուած ստացած է տեղւոյն վրայ. դիրքին մէջ կանգնած, ինը հոգիէ բաղկացած սովորական ստորաբաժանումը ետ մղած է Ազրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումի երկու խումբեր` շուրջ երեսուն հոգի, ինչ որ արդէն յիշատակելի հերոսութիւն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles