
Հայաստանի ոտնագնդակի աշխարհի թիւ մէկ մարզիկը` Հենրիխ Մխիթարեան, որ յաջող տարեշրջան մը բոլորած էր Ուքրայինայի իր կազմին` Շախթիոր Տոնեցքին հետ, նոր համաձայնագիր մը կնքեց Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտին հետ:

Այս փոխանցումը Տորթմունտի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ ամէնէն սուղը: “Պունտըսլիկա“-ի պատմութեան մէջ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը կը դասուի չորրորդը:

Արդարեւ 27,5 միլիոն եուրօ արժող այս մարզիկը, նաեւ հետաքրքրած էր Անգլիոյ Լիվըրփուլն ու Թոթենհամը: Գերմանական կազմին միանալով` Մխիթարեան դարձաւ նաեւ ամէնէն սուղ հայ մարզիկը: Նախապէս, այս մրցանիշը կը պատկանէր Եուրա Մովսիսեանին: