
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Հոկտեմբեր 17, 2016
Ի՞նչ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 14-ին Երեւանի մէջ կատարուած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) սեղմ կազմով խորհուրդի նիստին:
Թէեւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան դրական արտայայտուեցաւ այս հանդիպումին արդիւնքներուն մասին, սակայն կը թուի թէ արդիւնքը այդչափ ալ յստակ չէր:
Յստակ է այն՝ թէ ծուխը ճերմակ չէր: Իրականութեան մէջ ծուխ չկար: Այլապէս, նշելի էր թէ, ձգձգելու եւ յետաձգելու աշխատանք մը կը տարուէր, որուն ետին կարելի է եզրակացնել թէ ինչպիսի՞ ճնշումներ կը բանեցուէին:
Առաջին հերթին, հակառակ բազմիցս տարածուած լուրերուն, թէ Ղազախստանի նախագահ՝ Նուրսուլթան Նազարպաեւը, անձնապէս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր այս ժողովին, չպատահեցաւ: Արդարեւ Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի մօտիկ բարեկամը, մետասաներորդ ժամուն յայտնեց թէ անհանգստութեան պատճառով չէ ժամանած Հայաստան, եւ փոխարէն վարչապետ Պաքիճան Սակինթաեւն է, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր:
Երկրորդ նշելի իրադարձութիւնը այն է թէ, անգամ մը եւս Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը, որ կարգի յաջորդութեամբ կը կատարուի, անգամ մը եւս Հայաստանին
չփոխանցուեցաւ, պարզապէս այն պատճառաբանութեամբ, թէ այս օրակարգը պիտի քննուի յառաջիկայ ամիսներուն Մոսկուայի մէջ կայանալիք ժողովին:
Երրորդ յիշատակելի ժխտական երեւոյթը այն էր թէ, անգամ մը եւս հակառակ սպասուած խոստումներուն եւ համաձայնութիւններուն, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն չներկայացաւ լրագրողներու հետ սպասուած հանդիպում-զրոյցին:…Ո՛չ ալ իր պատանի մանչ զաւակը, որուն հետ նոյնիսկ յանդգնած էր Մ.Ա.Կ.-ի նիստերուն մասնակցիլ:
Լուքաշենքոյին այս մամլոյ ասուլիս – զրոյցը կարեւոր էր, այն իմաստով որ
Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յառաջիկայ 2016-17 տարեշրջանի նախագահութիւնը ստանձնած է Պելառուսիան, յաջորդելով Հայաստանին:
Արդեօք որքա՞ն բծախնդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, այս նիստերու ընթացքին, կարելի եղած է անդրադառնալ առաջնահերթ հարցերու եւ մարտահրաւէրներու, որոնց կարգին այս կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութիւնն ու ճգնաժամային արձագանգման կեդրոնի ստեղծման վերաբերեալ որոշումներու նախագիծերը, ինչպէս նաեւ միջազգային իրավիճակն ու միջազգային ահաբեկչութեան հակազդեցութեան վերաբերեալ որոշումներու գործադրութիւնը:
Այլապէս, կրկին վերադառնալով նախագահ Սարգսեանի զեկուցումներուն, այս ժողովը քննած է Արցախի հիմնահարցը եւ իր աջակցութիւնը յայտնած՝ Վիեննայի եւ Սենթ Փիթըրզպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն եւ որոշումներուն, այսինքն հաստատած է հիմնահարցը խաղաղ ուղիով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Յառաջիկայ օրերուն, աւելի պիտի յստականայ թէ, Մոսկուա ի՞նչ ձեւով պիտի անդրադառնայ այս ժողովի արդիւնքներուն մասին:
Հետզհետէ աւելի կը յստականայ թէ հաւաքական վտանգի տակ կը գտնուի այս
Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը, որ կրնայ աւելի վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծել: