Գլխաւոր

Հաւատք, Յոյս եւ Սէր․ Փրաւիտենսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ 85-Ամեայ Տօնակատարութիւնը

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20-ին Փրաւիտենսի Սրբոց Վարդանանց Հայոց Առաքելական Եկեղեցին, շքեղ հանդիսութեամբ տօնակատարեց Եկեղեցւոյս 85-ամեակը՝ նուիրուած ծխականներուն տասնամեակներու հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ եւ Երէցկին Տէպրա Նազարեան, երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան կազմը, Ազգային Վարչութեան անդամներ, կղերականներ, Եկեղեցւոյս եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ռոտ Այլանտ նահանգի ծերակուտական՝ Տիար Տէյվիտ Թիքոյեան եւ Փրաւիտենսի համայնքը։

Օրուան հանդիսավար՝ Աւագ Սարկաւագ Յակոբ Խաչատուրեան փոխանցեց բարի գալուստի խօսքը։ Ղեկավարութեամբ Ռաֆֆի Ռշտունիին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ երգչախումբի «Ուրախ Լեռ» երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ երեկոն։ Թալին Տօնոյեանին զոյգ քայլերգներուն երգեցողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը կատարեց բազման աղօթքը։

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան, շնորհաւորելով ներկաները, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ տասնամեակներու պատմութեան ու անոր դերին ու կարեւորութեանը՝ Փրաւիտենսի գաղութին հայապահպաման աշխատանքին ծիրէն ներս։ Ատենապետը բարձր գնահատեց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն տեսիլքն ու աննկուն կամքը, որոնց շնորհիւ մենք այսօր կը շարունակենք մեր աշխոյժ գործունէութիւնը իբրեւ ծխականներ եւ քոյր կազմակերպութիւններու անդամներ։ Հայրենիքէն դուրս փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելով, այս հոգեւոր կառոյցը 85 տարիներ շարունակ եղած է այս գաղութին կեդրոնը, դռները լայն բանալով բոլո՛ր կարիքաւորներուն եւ գաղթականներուն, որոնք Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական ծանր պայմաններուն հետեւանքով ապաստան գտած են այս ափերուն վրայ։ Աթթարեան բարձր գնահատեց Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն եզակի աշխատանքն եւ անդամներուն նուիրումը։ Ան նաեւ կարեւորեց եկեղեցւոյ դերը, որպէս հայապահպանման կեդրոն, ուր կը գործեն բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իր յատկութեամբ։ Աւարտելով իր խօսքը, ատենապետը նշեց, թէ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին դադրած է միայն կառոյց մը ըլլալէ։ «Եկեղեցին ներկայիս աշխոյժ է, ան կը շնչէ եւ կ՛ապրի, եկեղեցին մենք ենք, ուրեմն այս ժամանակաշրջանին երբ մեր հաւատքն ու ազգը շարունակ կը հարուածուին, մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ ըլլալ մեր վէմն ու մեզի առաջնորդող ջահը»։

Ապա, Երգչախումբը, «Հոյ Նազան», «Հաբրբան» եւ «Ամենայնի» հմայիչ երգեցողութիւններով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը։

Հաւատք, Յոյս եւ Սէր խորհրդանշող այս երեկոն,եզակի առիթ մըն էր պարգեւատրելու եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ գործունէայ անդամներէն՝ Աւագ Սարկաւագ Արա Նալպանտեանը, Տէր եւ Տիկին Գէն եւ Սանտրա Պօղոսեանները եւ “Salt & Light” երիտասարդներու խումբի անդամները։ Հանդիսավարը ներկայացուց պարգեւատրեալները, անդրադառնալով անոնց յատկութիւններուն։

Advertisement Subscribe Today

Աւագ Սարգաւագ Նալպանտեան պարգեւատրուեցաւ հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր քառասնամեայ հաւատարիմ ծառայութեան համար։ Ան գործունէայ անդամ է եւ տարիներու ընթացքին մաս կազմած է Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ազգային երեսփոխանական կազմին եւ պաշտօնավարած է Մուրատ Ազգային Վարժարանէն ներս։ Այսօր, ան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ապագայ սարկաւագներ պատրաստելու։
Տէր եւ Տիկին Պօղոսեաններ սիրոյ օրինակելի խորհրդանիշն են այս գաղութէն ներս, անոնք կողք կողքի աւելի քան վեց տասնամեակներ սէր եւ յոյս կը ներշնչեն։ Անոնք երկարամեայ գործօն անդամներ են, որոնք առանց բացառութեան, իւրաքանչիւր Կիրակի միասնաբար եկեղեցի կ՛այցելեն, կը մասնակցին Աստուածաշնչական Ընթերցումներուն ։ Անցեալին Պարոն Պօղոսեան եղած է հոգաբարձութեան անդամ, իսկ Տիկին Պօղոսեան դասաւանդած է Կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս։
Իսկ “Salt & Light”-ի երիտասարդները եկեղեցւոյս ապագան ու յոյսն են, որոնց ուսերուն վրայ դրուած է նախնիներուն առաքելութիւնը շարունակելու մեծ պատասխանաուութիւնը։

Իրենց երախտագիտութեան խօսքերը փոխանցեցին Սարկաւագ Արա Նալպանտեան եւ Պարոն Գէն Պօղոսեան, իսկ երիտասարդութեան կողմէ խօսք առին Պետիկ Զէյթունեան եւ Անի Տէրտէրեան։

Բոլոր պարգեւատրեալները ստացան գնահատագրեր Սրբազան Հօր կողմէ, իսկ Ծերակուտական Տիար Տէյվիտ Թիքոյեան Ռոտ Այլընտ նահանգին կողմէ շնորհաւորագրեր փոխանցեց բոլորին։
Եկեղեցւոյս 85-ամեակին կողքին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ ընտանիքը նշեց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ Նազարեանին ձեռնադրութեան տասնամեակը։ Ատենապետ Լեւոն Աթթարեան ներկայացուց Տէր Գաբրիէլ եւ Երէցկին Տեպրա Նազարեանին աշխոյժ գործունէութիւնն ու անոնց նուիրումը իւրաքանչիւր անձի նկատմամբ։ Հօր ու մօր գուրգուրանքով անոնք կը կատարեն իրեն պարտականութիւնը, մէկդի դնելով իրենց առօրեայ հոգսերն ու մտահոգութիւնները։ Այս առթիւ, հոգաբարձութեան կազմը շնորհաւորական յատուկ նուէր մը պարգեւեց Տէր Հօր եւ Երէցկինին։
Տէր Գաբրիէլ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Եկեղեցւոյ այս տօնակատարութեան առթիւ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց 85ամեակի Տօնակատարութեան Յանձնախումբին ատենապետուհի՝ Տիկին Մանուշակ Գրիգորեանին եւ բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան կազմին։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց յատկապէս Երէցկին Տէպրային, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու բոլոր անոնց որոնք Տէր Հօր ձեռնադրութեան օրէն սկսեալ նեցուկ կանգնելով կը քաջալերեն անոր հոգեւոր ծառայութիւնը։
Տէր Գաբրիէլ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բարձրաշնորհ Տէր Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանին եւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանին, Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. քհն. Պաղսարեանին, Արժ․ Տէր Արամ Ա․ Քահանայ Ստեփանեանին, Տէր Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանին եւ Տիկին Մակի Նալպանտեանին, որոնք իր կողքին էին անոր ծառայութեան սկզբնական շրջանին։
Ապա, ան բէմ հրաւիրեց Սրբազան Հօր, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ գաղութին կողմէ շնորհաւորելու համար անոր 40-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը՝ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմէն ներս։
Իր կարգին, Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Առաջնորդ Հայրը շնորհաւորեց Տէր Հօր ձեռնադրութեան տասնամեակը եւ անոր օրինակելի ծառայութիւնը։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Փրաւիտենսի գաղութին ներդրումը եւ անոր մասնակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ “Այս եկեղեցւոյ 85 ամեակը յատկանշական է, որովհետեւ ան կը փաստէ չորս շարունակական սերունդներու գործօն ներկայութիւնը, ինչպէս կը տեսնենք այսօր։ Այս կը նշանակէ, որ այս եկեղեցին ո՛չ թէ միայն անցեալն ու ներկան են, այլ նաեւ ապագան”, արձանագրեց Սրբազան Հայրը։ Ան կարեւորելով գաղութի բոլոր մասնիկները, ըսաւ թէ, Փրովիտենսի գաղութի բոլո՛ր ազդակները, եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութիւնները միասնաբար, իրենց յատկանշական գործունէութեամբ աշխոյժ կը պահեն այս եկեղեցին։ Վերջապէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ, նշելով թէ ան եղած է առաջնագծի վրայ, իր ներդրումը բերելով համահայկական ծրագիրներուն՝ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան մարտահրաւէրները՝ հայրենի եւ Սփիւռքի օճախներէն ներս։ Երեկոն վերջ գտաւ “Կիլիկիա” երգեցողութեամբ։

85-ամեայ տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամներն են՝ Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան, Լեւոն Աթթարեան, Մանուշակ Գրիգորեան, Աւագ Սարկաւագ Յակոբ Խաչատուրեան, Լալա Աթթարեան, Ատէլինա Գասպ
արեան, Փօլին Կեցոյեան, Ռինա Հորէնեան, Հրանդ Խաչատուրեան, Տէպրա Պճոճեան, Ռաֆֆի Ռշտունի, Մէլիսա Սիմոնեան, Պերճ Զոպեան։ Յատուկ շնորհակալութիւն Ետմոնտ Նասրին եւ Հրակ Առաքելեանին, որոնք նկարահանեցին այս յիշատակելի երեկոն։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button