
Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Տաքոթա նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը մերժեց ազերի լոպիիստներու ներկայացուցած հակահայկական թիւ 1020 բանաձեւը:
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկած էր հակազդելու Ատրպէյճանի եւ խոչընդոտելու բանաձեւի որդեգրումը: Յանձնախումբը կոչով դիմած էր Հարաւային Տաքոթայի քաղաքացիներուն, որպէսզի վերջիններս կապուին իրենց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ` յորդորելով դէմ քուէարկել բանաձեւին:
Թիւ 1020 բանաձեւը յառաջ մղուած էր Իլհամ Ալիեւի կողմէ` միջամտելու Հարաւային Տաքոթայի ժողովրդավարական համակարգին: Անիկա կը վերաբերէր Խոջալուի դէպքերուն եւ Ներկայացուցիչներու տուն ներկայացուած էր 21 փետրուարին:
Ընդլայնուած քննարկումներէն ետք` բանաձեւը ներկայացուցած քոնկրէսական Լանս Ռասըլ ստիպուած եղած է պաշտօնապէս զայն ետ վերցնել: “Ցաւալի է, որ բանաձեւը այսքան հեռու գացած է, սակայն դրական կողմը այն է, որ Հարաւային Տաքոթայի 105 օրէնսդիրներ ականջալուր եղան հալածուած հայ քրիստոնեաներու վիճակին“, ըսած է բանաձեւին դէմ արտայայտուած քոնկրեսական Սթիւ Հիքէյ: