ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 50 Second

Յ. Պալեան

Ժողովրդավարական պետութիւնը ոչ միայն ընտրութիւն-ներն են եւ իշխանութիւնների տարանջատման սկըզ-բունքները, այլ հասարակութեան հասունութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը, իշխանութիւնների, այսպէս կոչուած բարեվարքութեան խախտումների նկատմամբ:

Աւետիք Իշխանեան, («Առաւօտ» թերթ)

 

            Աւետիք Իշխանեանը չեմ ճանչցած, բայց հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսնող իր յօդուածներուն եւ արտայայտած միտքերուն: «Մենք եւ քաղաքակրթութիւնը» խորագրով իր յօդուածը կը սաւառնէր մեր կեանքին վրայ: Առանձնացուցի վերեւ նշուած պարբերութիւնը, անով մտածելու համար մեր իրականութեան մէջ ժողովուրդ, իշխանութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ մամուլ յարաբերութեան մասին:

            Հայաստան երեսուն տարիէ ի վեր ժողովրդավարութիւն կը փորձարկէ, որ իտէալ մըն է բոլոր ժողովուրդներուն համար եւ կարիք ունի տեւական վերանայման: Նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք ճանչցուած են որպէս ժողովրդավարական, երբեմն իրենք զիրենք կը գտնեն հակասութիւններու առջեւ, իրենք զիրենք կը սրբագրեն: Այդ ընելու կը նպաստեն մամուլը, հետազօտող լրագրողը, հրապարակախօսը, անոնց հունով՝ ժողովուրդը:

            Միակուսակցական դրութեամբ գործած երկիրներն անգամ սիրած են իրենք զիրենք հռչակել ժողովրդավարական, ինչպէս «Արեւելեան Գերմանիոյ Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը», որ միակուսակցական մենատիրութիւն էր: Իսկ թագաւորական Անգլիան օրինակելի ժողովրդավարական վարչաձեւ ունի, իշխանափոխութիւն տեղի կ’ունենայ առանց ցնցումներու, յարգելով օրէնսդիրի եւ գործադիրի սահմանները:

            Հայրենի մտաւորական Աւետիք Իշխանեանի վերեւ նշուած խօսքը կարեւոր է, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը ըլլայ իրական, ոչ ձեւական: Այդ խօսքը գնահատումն է Հայաստանի ժողովրդավարութեան գծով իր մտահոգութեան: Ժողովրդավարութիւնը կ’արտայայտուի ազատ եւ հաւասար քաղաքացիներու կատարած ընտրութիւններով եւ ծնունդ կու տայ անոնց հասարակաց կամքով յառաջացած կառավարութեան:

            Աւետիք Իշխանեան ժողովրդավարութիւնը չի դիտեր որպէս սոսկ կառոյց,  հիմնուած կարգ մը ընդունուած եւ բանաձեւուած սկզբունքներու վրայ, ինչպէս՝ ընտրութիւններ, մէկ անձ մէկ քուէ, կամ իշխանութիւններու տարանջատում՝ օրէնսդիր, դատական, գործադիր: Այսքանը ընդունուած է, նոյնիսկ երբ զայն շրջանցելու փորձեր եղած են եւ կ’ըլլան: Միշտ մէկ քայլ ետ մէկ քայլ առաջ խաղով:

            Ժողովրդավարութիւնը կ’իմաստաւորուի ժողովուրդի ինքն իրեն հանդէպ ունեցած գիտակցութեամբ եւ որակով: Երբ ան անատակ եւ անկարող կ’ըլլայ դատողութեամբ եւ ազատութեամբ ընտրելու, ժողովրդավարութիւնը կը հիւանդանայ, կը դառնայ կեղծիք, ճամբայ կը հարթուի իշխանութեան եւ կառավարման այլասերման, նոյնիսկ երբ ձեւերը պահուին, կը հաստատուի իր անունը չըսող ինքնակալական վարչաձեւ (dictature): Անցնող դարը այդ խաղքութիւններուն բեմն էր:

            Խօսինք պարզ հաստատումէ մը մեկնելով: Երբ քաղաքացին իր քուէն կը ծախէ կամ իշխանութեան ձգտողը երբ քուէն կը գնէ, անոնք միասնաբար վերջ կու տան ժողովրդավարութեան ըմբռնումին, նոյնիսկ երբ աճպարարի հռետորաբանութեամբ իրականութիւնները թաքցուին ամբոխի աղմուկով: Ժողովրդավարութիւնը կրնայ կենսագործուիլ «հասարակութեան հասունութեան» պայմաններուն մէջ միայն: Ան «տիկնիկային թատրոն» չէ, որուն թելերը կը քաշեն հնարամիտներ:

            «Հայաստանի հասարակութիւնը», պարտադրուած ժողովրդավարութեան թատրոն կը խաղար խորհրդային օրերուն: Վերջին երեսուն տարիներուն այդ հասարակութիւնը ազատութեան իրաւունք նուաճեց, բայց տէր չեղաւ եւ չկրցաւ ըլլալ անոր, քանի որ անմիջական եւ յաճախ մանր շահերու ստորադասուեցաւ ժողովրդավարութիւնը. «առիթէն օգտուիլ», «պաշտօն» եւ «դիրք» գրաւել:

            Ինչպէս նաեւ այլ երկինքներու տակ, կողմնապաշտութիւնը դարձաւ սովորութիւն, ծնունդ տալով կիրքերու, կորսուեցաւ չափի գիտակցութիւնը: Չքննադատուեցաւ փոքրիկ Հայաստանի եւ երեք միլիոնի համար կուսակցութիւններու բազմացումը: Հետեւանք՝ անզսպելի դարձած դիրքապաշտութեան եւ անհանդուրժողութեան:

            Ինչպէ՞ս հասարակութիւնը հասունութեան պիտի հասնէր, երբ տասնեակներով կուսակցութիւններ նոյնքան ծրագիրներով (եթէ ունէին) կը ներկայանային իրեն, իր վստահութիւնը ստանալու համար:

            Տեղեկացուած եւ հնարաւոր չափով հասունութեան-իրատեսութեան հասած մարդոցմով կը կենսագործուի ժողովրդավարութիւնը, ոչ կողմնապաշտութեամբ եւ ոչ կիրքով: Ամէն քաղաքացի այնքան իմաստուն պիտի չըլլայ, որ Արիսսոտէլի պէս ըսէ, թէ՝ «Կը սիրեմ Պղատոնը, բայց աւելի կը սիրեմ ճշմարտութիւնը»: Բայց ընկերութիւնը եւ հայրենիքը գերադաս համարելով պէտք է դիտել ղեկավարութիւնները, դատել յաջողութիւնները եւ ձախողութիւնները:

            Դատել, Իշխանեանի բանաձեւումով, մեծ թէ փոքր «բարեվարքութեան խախտումները», եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ, ինչ որ կ’ենթադրէ «հասարակութեան հասունութիւն», որ գիտէ զոհը չըլլալ ամբոխավարութիւններու, ամբոխահաճութեան, չարաշահումներու:

            Կարելի է երկար խօսիլ այս հարցերուն կապակցաբար՝  «մամուլ»-ի դերի մասին: Երբ ան կը դառնայ խօսափողը իշխանութեան, կուսակցութեան, անհատի, կը դադրի ժողովրդավարութեան խմորման վայր ըլլալէ, կը դառնայ տիրակալական միջոց, անհատի կամ խմբակի ծառայ, հասարակութիւնը կը դարձնէ առարկայ:

            Ի՞նչ է «բարեվարքութիւն»ը, որուն մասին կը խօսի Իշխանեան: Հոս կը սկսի բարոյական առարկայական մամուլի եւ լրագրողի դերը, որոնք պիտի հետապնդեն տեղեկութիւն-իրադարձութիւններու լուսաբանումը, օգնելու համար ընթերցողին, որ որոշողն է ժողովրդավարութեան յաջողութեան: Իսկ լրագրողը պիտի գիտնայ նաեւ, որ ինք կը գրէ եւ կը խօսի հասարակութեան հետ՝ մարդկային իրաւ արժէքներու մասին, միշտ ի մտի ունենալով, որ բոլոր արժէքները հաւասարապէս յարգելի են:

            Այսօր լրագրութեան ընթացքը խանգարուած է ընկերային ցանցերու ընձեռած դիւրութիւններուն պատճառով,- ֆէյսպուք, թուիթթըր,- քանի որ մեծ ու պզտիկ կրնան հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել ինչ որ ուզեն ըսել, ճիշդ կամ սխալ, բամբասանք եւ զրպարտութիւն, փոխան լուսաբանութեան՝ ապատեղեկատուութիւն, եւ դժուար կ’ըլլայ ճիշդը զատորոշել սխալէն, կը հրահրուին կիրքերը, կը կորսուի ժողովրդավարութեան համար անհրաժեշտ իրատեսութիւնը:

            Ղեկավարութիւններու «բարեվարքութիւն»ը ինչպէ՞ս կարելի է դատել, երբ լրատուութիւն-մամուլը ինք կը կորսնցնէ իր «բարեվարքութիւնը»: Ինչպէ՞ս ակամայ շուարումի մատնուած հանրութիւնը կրնայ ընթանալ ժողովրդավարութեան ճամբով:

            Ժողովրդավարական պետութեան համար անհրաժեշտ է հասարակական հասունութիւնը, պայման՝ ճիշդ ընտրութեան: Այդ հասունութեան առաջնորդը, ուսուցիչը, հասարակութիւնը լուսաբանող մամուլն է, իր բոլոր արտայայտութիւններով: Իր «տիրոջ» կամ «տէրերուն ձայնը» կրկնող մամուլը եւ լրագրողը ցանկալի ( ՞ ) ժողովրդավարութիւնը կը խոչնդոտեն, անոր թշնամիներն են:

            Կ’եզրակացնեմ ժամանակակից գրող Միշէլ տը Քասթիյոյի հետեւեալ միտքով. «Ես միշտ խորհած եմ, որ լրագրողին մեծութիւնը կը չափուի իր անկախութեամբ»: (L’adieu au siècle, Michel de Castillo):

            Լրագրողին անկախութիւնը ժողովրդավարութեան իրականացման էական նեցուկն է:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles