Լրահոս

«Հաշուետուութիւն 2025» Հաւաք՝ Քոնկրէսի Շէնքին Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- 15-էն 17 Սեպտեմբերին, կազմակերպութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, տեղի ունեցան Հայ Դատի ջատագովման օրերը, որոնց մասնակցողները քոնկրէսականներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն  ներկայացուցին հայութիւնը յուզող այժմէական հարցերը եւ քաղաքական առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին էին յատկապէս Արցախի վերահաստատումը, Ատրպէյճանի կողմէ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, Հայաստանի ամրապնդումը եւ պատժական քայլերու որդեգրումը ցեղասպանական արարքներ իրականացուցած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ:

Նաեւ, տեղի ունեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան երկրորդ տարելիցին նուիրուած «Հաշուետուութիւն 2025» հաւաքը՝ Քոնկրէսի շէնքին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրէսականներ Ֆրենք Փըլոն, ՊրԷտ Շըրմըն, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճուտի Չու եւ ուրիշներ։

Շըրմըն նաեւ յայտնեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը սահմանափակելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին տրամադրելիք աջակցութիւնները, մինչեւ այն ատեն, ոռ Անգարա եւ Պաքու վերջ չեն դրած Հայաստանի շրջափակման։

Քոնկրէսականներ Տինա Թայթըս եւ Կաս Պիլիրաքիս Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին Ատրպէյճանի դէմ պատժական քայլեր որդեգրող բանաձեւ մը, պատասխանատուութեան կանչելու համար մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնահարած ատրպէյճանի պաշտօնատարները։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button