ԽմբագրականՅօդուածներ

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ… ԿԻԶԱԿԷՏ ԵՒ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ՝ ԱՐՑԱԽ

p1 khemp serj warlickՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Յուլիս 21, 2015

 

Յատկապէս Կովկասեան Բարձրաւանդակէն ներս, ամառնային շոգն ու արձակուրդը, իրենց ուղղակի ազդեցութիւնն ունին նոյնիսկ շրջանի քաղաքական կեանքէն ներս:

Հակառակ այս երեւոյթին, եռուզեռը բեղուն է Երեւանի մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներու եւ տեսակցութիւններու շարք մը կþունենայ, տարածաշրջանը մտահոգող հարցերու եւ յատկապէս Արցախեան հիմնահարցի առնչութեամբ:

Advertisement Subscribe Today

Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ  Թուսքը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), եւ վերոյիշեալ կազմակերպութեան գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ՝ Անճէյ Քասփրչիքը:

Զրուցակիցները քննարկեցին Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանի մտահոգութիւններն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր եւ այս տեսակցութիւններու ընդմէջէն կոչ կþուղղուէր թէ կարեւոր ու առաջնահերթ է յարգել զինադադարի համաձայնագիրը, չդիմել յարձակողական միջոցներու եւ յատկապէս, տագնապի լուծման յառաջընթացին համար մթնոլորտ ստեղծել:

Հայաստանի նախագահին համար կարեւոր էր այցելուներուն ներկայացնել ներկայ գոյավիճակը, թէ որքան ալ Ատրպէյճան փորձէ խեղաթիւրել այդ տագնապին էութիւնը, Արցախի ժողովուրդը, ի յառաջագունէ ազատ կամքի արտայայտութեամբ իր ապագան որոշած է, բան մը որ նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու յայտարարութիւններուն մէջ, սակայն հետեւողականօրէն կþաղաւաղուի եւ տարբեր ձեւով կը մեկնաբանուի Պաքուի կողմէ:

Ճէյմս Ուորլիք իր տեսակցութեան աւարտին հաւաստիացուցած էր թէ Հայաստան երբեք տրամադիր չէ տարածք վերադարձնելու` առանց անվտանգութեան համապատասխան երաշխիքներու: Յաւելեալ պղտոր հորիզոններ ստեղծելով, նշելով տեղահանուածներու բարդ կացութիւնը, Ուորլիք աւելցուցած էր այլ մտայղացում մը թէ, անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւոր բանալիներէն մէկը, շրջանէն ներս միջազգային խաղաղապահ ուժերու ստեղծումն է:

Հոս տեղին է նշել թէ, նոյնինքն Ուորլիք` խուսափած էր եւ նախընտրած էր չպատասխանել հայրենի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել Պաքուի, Սումկայիթի եւ Ատրպէյճանի այլ շրջաններէ ներս գտնուող տարածքներէն  տեղահանուած հայերու վերաբնակեցման հարցը:

Մինչ այդ երբ, այս զրոցներն ու տեսակցութիւնները կը կատարուէին,  ազերի օդուժը հետզհետէ կը բազմացնէր իր վարժական եւ փորձառական թռիչքները, երբեմն նոյնիսկ յանդգնելով թափանցել սահմանագիծէն տաս մղոն խորութեան վրայ:

Բնականաբար, Արցախի օդային տարածքը խախտելու պարագային հանրապետութեան հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը պիտի ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` հակառակորդին փոխադարձելու…Բան մը որ կատարած էին ազեր ուժերը ամիսներ առաջ, վար առնելով նոյնիսկ սահմանէն հեռու գտնուող հայրենի ուղղաթիռ մը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button