Լրահոս

Հանդիպում՝ Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի Եւ «Թիւֆենքեան» Հիմնարկ

Ձախէն աջ՝ Հայկ Օշական, Ռաֆֆի Տուտագլեան եւ Ռաֆֆի Քիլեան
Ձախէն աջ՝ Հայկ Օշական, Ռաֆֆի Տուտագլեան եւ Ռաֆֆի Քիլեան

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ին, Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի ատենապետ Հայկ Օշական, տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Թիւֆենքեան» Հիմնարկի վարիչ տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանի հետ:
Աւելի քան երկու ժամ տեըողութիւն ունեցող այս տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Ռաֆֆի Քիլեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ալեքս Սարաֆեան:
Յատկապէս, Առաջամուղ գիւղին մասին կատարուեցան խօսակցութիւններ:
Առաջամուղ գիւղը կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանէն ներս,1993-ին ազատագրուած Հատրութէն քառասուն քլմ. ներս: «Կը հետեւինք կատարուած շինարարական աշխատանքներուն: Նմանօրինակ գիւղեր կառուցելը անհրաժեշտ է, յատկապէս որեւէ ազերի ներթափանցում կանխելու համար: Առաջնահերութիւն մըն է այսպիսի շրջաններ վերաբնակեցնելը», յայտնեց Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի ատենապետ Հայկ Օշական:
2004-էն ի վեր այս գիւղը վերաբնակեցնելու գաղափարը մտայղացուած է «Թիւֆենքեան» հիմնարկին կողմէ, գործակցաբար Արցախի Հանրապետութեան վերաբնակեցման բաժնի հիմնարկին հետ:
2012-ին, գործակցաբար Ամերիկահայ Ընկերակցութեան Արցախ ֆոնտին հետ, որոշուեցաւ շրջանէն ներս յաւելեալ բարելաւումներ եւ ներդրումներ կատարել:
Առաջամուղէն ներս կառուցուած են 19 տուներ, դպրոց մը, նաեւ քաղաքապետարան մը: Բնակիչներու շարքին են նախապէս բանակէն ներս ծառայած եւ այժմ հանգստեան կոչուած բանակայիններ, Ատրպէյճանէն ժամանած գաղթական հայորդիներ եւ մօտակայ շրջաններէ ժամանած երիտասարդ զոյգեր:
Ընդամէնը 24 տուներու կառուցումով, բնակչութեան թիւը պիտի բարձրանայ 90-էն 120-ի:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button