
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Այս օրերուն, Հոկտեմբեր 15-25, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, (Հ․Օ․Մ․) իր 115-րդ տարեդարձը մեծ շուքով կը տօնէ Երեւանի մէջ: Ասկէ 115 տարիներ առաջ, 1910-ին, հիմը դրուեցաւ Սփիւռքահայ ամենէն ծաւալուն կազմակերպութիւններէն մին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը: Ան անցեալի մէջ քանի մը անուններով ճանչցուած է: Իր ծննդեան անունը եղած է «Հ.Յ.Դ. Կարմիր Խաչ», որուն հիմնադիր ըլլալու պատիւը կը պատկանի 20-րդ դարու սկզբնական տարիներուն հանրածանօթ դաշնակցական գործիչ՝ Խաչատուր Մալումեանի, որ ծանօթ է նաեւ Է. Ակնունի անունով: Ակնունի, յատուկ առաքելութեամբ Ամերիկա եկաւ եւ երկար շրջապտոյտէ մը եւ բազմաթիւ հանրային ելոյթներ տալէ ետք, Նիւ Եորք քաղաքի մէջ հիմնադրեց «Հ.Յ.Դ. Կարմիր Խաչ»ը: Շուրջ տասնամեակ մը յետոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ արդէն հիմնուած էր պետական Կարմիր Խաչ մը, կազմակերպութեան Երկրորդ Պատգամաւորական Ժողովը, որոշեց կապուիլ Հայաստանի Կարմիր Խաչին եւ կոչուիլ «Դստերք Հայաստանի»: Ապա, շրջան մը ան կոչուեցաւ «Հայ Կարմիր Խաչ»: Իսկ 1946-ին Հայ Կարմիր Խաչ» անունը փոխուեցաւ եւ այնուհետեւ այս կազմակերպութիւնը կոչուեցաւ «Հայ Օգնութեան Միութիւն» (Հ․Օ․Մ․): Ներկայիս, Հ․Օ․Մ․-ը ունի բազմահարիւր մեծ եւ փոքր մասնաճիւղեր 23 տարբեր երկիրներու մէջ:
Հ․Օ․Մ․-ը մարդասիրական եւ հայանուէր կազմակերպութիւն մըն է, որու գլխաւոր նպատակն է ազգապահպանում կամ հայապահպանում: Նուիրեալ անդամներէ բաղկացած այս միութիւնը իր ամբողջական օժանդակութիւնը բերած է, եւ կը շարունակէ բերել, բազմաթիւ միջոցներով: Անցնող տասնամեակներուն, ան իր օգնութիւնը հասցուցած է հայ որբին եւ այրիին, հիւանդին ու չքաւորին, ուսանողին ու դպրոցին, զինուորին ու տարագիրին: Այս առաջադրութեամբ, Սփիւռքի բոլոր հայաշատ գաղթօճախներու մէջ, Հ․Օ․Մ․-ը հիմնեց ընկերային ու առողջապահական կեդրոններ, մանկամսուրներ եւ վարժարաններ, պատսպարաններ, տարեցներու բնակարաններ, հայկական ձեռարուեստի կեդրոններ: Ան մշակեց ազգապահպանման յատուկ ծրագիրներ՝ հայ սերունդներու ազգային դիմագիծը պահպանելու ի խնդիր: Ան սատարեց ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան, հայ ուսուցիչներ պատրաստելու, ամառնային քէմփեր հիմնելու, կրթական եւ մշակութային հիմնադրամներ հաստատելու նուիրական աշխատանքին:
Ժամանակներու հետ յարմարող եւ ճնշող կարիքներու գիտակից՝ այս Միութեան մտասեւեռումը եղած է հայը հայ պահել ֆիզիքապէս, մտովին եւ հոգեպէս: Այսպէս, 1910-1920 առաջին տասնամեակին, ան իր նիւթա-բարոյական աշխատանքը յատկաուց հայ որբերուն, գաղթականներուն եւ հիւանդներուն: Հաստատեց դասընթացքներ տուներու մէջ անգրագէտ հայ կիներու համար, օգնեց Մեծ Սպանդէն մազապուրծ ազատած իր սովամահ հայրենակիցներուն, եւ մատակարարեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընկերային պէտքերուն:
1920-1930-ի տասնամեակին Հ․Օ․Մ․-ը գաղութէ-գաղութ կապեր հաստատեց, Եւրոպայի ցամաքամասին եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ նոր մասնաճիւղեր կազմակերպեց եւ հայ գաղթականներուն օգնութեան ձեռք երկարեց, հայ տարագիրներ Պոլսէն եւ Միջագետքէն Հայաստան փոխադրելու համար դրամարշաւ բացաւ, Զանգեզուրի երկրաշարժի աղէտեալներուն համար նիւթական օգնութիւն հասցուց, Ամերիկահայ նոր սերունդները հայութեան կապելու համար հիմնեց սան-սանուհիներու եւ արծուիկներու խումբեր՝ հայապահպանման նպատակին համար:
1930-1950-ի միջեւ տարածուող երկու տասնամեակները Հ․Օ․Մ․-ին առջեւ բացին նոր մարտահրաւէրներ, որոնցմէ գլխաւորներն էին.- հաւաքել որբ-որբուհիները թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու տուներէն, պատսպարել եւ հայացնել զանոնք, հիմնել մանկապարտէզներ, դպրոցներ եւ ճեմարաններ, միանգամայն նաեւ խնամել բազմաթիւ հիւանդներ, գործ ճարել, սնունդ եւ բնակարան հայթայթել անգործ չքաւորներուն: Այս առաջադրութիւններով, Հ․Օ․Մ․-ը գործի լծուեցաւ իր օգնութիւնը հասցնելու դրամով, հագուստեղէններով, դեղօրայքով, գրենական պիտոյքներով հոն ուր կարիք կար: Արհեստանոցներ, դարմանատուներ եւ սնունդի կայաններ բացաւ Յունաստանի ու Սուրիոյ մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրողներ ապաստան գտած էին: Ասոնց կողքին, Միութիւնը լծուեցաւ կրթական եւ մշակութային գործի:
Ամերիկայի հայաշատ քաղաքներու մէջ միօրեայ դպրոցներ բացաւ ամերիկածին հայ նոր սերունդներուն հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն սորվեցնելու նպատակով: Բաց աստի, Հ․Օ․Մ․-ը նաեւ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ եղաւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին, Հալէպի Քարէն Եփփէ եւ եւ Սոֆիայի Մեսրոպեան Ճեմարաններուն: Իսկ երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի վաղորդայնին, դարձեալ լծուեցաւ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած աղէտեալներուն օգնելու գործին: Այդ ժամանակամիջոցին, Միութիւնը հաստատեց կարգ մը մնայուն ձեռնարկներ, ինչպէս՝ «Հայ Օգնութեան Միութեան Օր»ը, «Պնակ մը Կերակուրի Օր»ը եւ «Ծոմապահութեան Օր»ը, որոնք հասութաբեր միջոցներ եղան Միութեան այլեւայլ գործունէութիւններուն համար: Այս շրջանին նաեւ (1939) Հ․Օ․Մ․-ը սկսաւ հրատարակել իր եռամսեայ օրկան՝ «Հայ Սիրտ»ը, որուն նպատակն է եղած պատրաստել գիտակից հայ մայրեր, զարգ տալ նոր սերունդի դաստիարակութեան, առողջ պահել հայ ընտանիքը եւ մղել հայ կինը հաւաքական աշխատանքի:
Հ․Օ․Մ․-ի 1950-1975-ի քառորդ դարու շրջանը կը յատկանշուի կրթական-մշակութային մտասեւեռումով: Այս շրջանին ան հիմնեց երեկոյեան դասընթացքներ տարբեր վայրերու մէջ, հաստատեց կրթաթոշակներ, ամառնային ճամբարներ, ամառնային հայագիտական դասընթացքներ, հիմնեց մշակութային հիմնադրամներ օժանդակելու համար կարօտ հայ մտաւորականներու, գրագէտներու, ուսուցիչներու եւ արուեստագէտներու: Նաեւ այս ժամանակաշրջանին Հ․Օ․Մ․-ը նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կեցաւ Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ ամէնօրեայ նոր դպրոցներ հիմնելու ծրագրին: Առ այդ, ան կրցաւ ապահովել կարգ մը բարերարներ, ինչպէս նաեւ, կարգ մը կտակներ՝ յաջողցնելու իր կրթական եւ մշակութային ծրագիրները:
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, Հ․Օ․Մ․-ը որպէս հասուն եւ արմատացած կազմակերպութիւն դարձած է արդէն համագաղութային կազմակերպութիւն: Ան նոյնիսկ մասնակցած է միջազգային Կանանց Խորհրդաժողովներու, ինչպէս օրինակ, անոր ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՄԱԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովներուն՝ Գոփենհակն, Պէյժինկ, Սէուլ, Հոլանտա եւ Նիւ Եորք քաղաքներուն մէջ: Փոխադարձաբար, Մ․Ա․Կ․-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ներկայ գտնուած են անոր պաշտօնական հանդիսութիւններուն:
1988-ին Հայաստանի երկրաշարժէն, Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ետք, Հ․Օ․Մ․-ի գործունէութիւնը լայն ասպարէզ գտաւ մեր զոյգ հանրապետութիւններու տարածքին՝ բարեսիրական, դաստիարակչական կարիքներու մարզերէն մինչեւ ընկերային ու հասարակական հարցերու բարւոք լուծումներ գտնելու մարզին մէջ: Յիրաւի, Հ․Օ․Մ․-ի հայանուէր գործունէութիւնը հայրենի ոստաններէն ներս, սփիւռքահայ այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ուշադրութեան եւ գնահատանքի կ’արժանանայ համայն հայութեան կողմէ: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, Հ․Օ․Մ․-ը օգնած է, եւ դեռ կը շարունակէ օգնել, հայրենի մեր բոլոր ազգակիցներուն, որոնք պէտք ունին բարոյական եւ նիւթական իր աջակցութեան:
Հ․Օ․Մ․-ը աւելի քան դար մը, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն վրայ գործող՝ իր բազմահազար անդամներով, դրապէս պատասխանած է հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան համար իրեն ուղղուած կոչերուն լուրջ յանձնառութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելով:
Ներկայիս, 115 տարիներ ետք, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, Հ․Օ․Մ․-ը իր հարիւրաւոր մասնաճիւղերով եւ հազարաւոր անդամներու բանակով, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, օրհնութիւն սփռելով բազմաթիւ հայորդիներու:

