Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» Մասնաճիւղի Հարիւրամեակ

0 0
Read Time:7 Minute, 2 Second

ARS Unghs at the event

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Հոկտեմբեր 31-ի երեկոյեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղը շքեղ հանդիսութեամբ տօնեց իր հարիւրամեայ յոբելեանը` Ուիհոքընի «Չարթ Հաուզ» ճաշարանին մէջ, Հատսըն գետի ափին:
Այս ձեռնարկը Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի հովանաւորութիւնը կը վայելէր, իսկ Տոքթ. եւ Տիկ. Գուրգէն եւ Թալին Չորպաճեան սիրայօժար ստանձնած էին օրուան պատւոյ նախագահութիւնը: Ներկայ էին 220 հայորդիներ, ինչպէս նաեւ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան կազմէն հինգ անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետուհի Թալին Տաղլեանի, Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի նստավայր Րիճֆիլտ քաղաքի քաղաքապետ Անթոնի Սուարէզ, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան, Նիւ Եորքի Առաջնորդանիստ Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Մարք Ալաշայեան, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.-ի անցեալի բարերարներ եւ նուիրեալ Հ.Օ.Մ.-ուհիներ իրենց ընտանեկան պարագաներով: Candle lighting
Ճոխ յայտագրին բացումը կատարուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավարը՝ Քնար Քիլէճեան, դիտել տալով, որ «Շաքէ» մասնաճիւղը իր հարիւրամեայ կեանքը կը պարտի նուիրեալ ընկերուհիներու անխոնջ գործունէութեան, որոնք հայ ազգի հոգատարութիւնը շաղախած են իրենց առօրեային ու յարատեւած: Այնուհետեւ, մասնաճիւղին խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Անի Քէշիշեան։ Ողջունելով մասնաճիւղին հարիւրամեայ յոբելեանը, ընկերուհին յայտնեց, որ Հ.Յ. Դաշնակցութեան հովանիի տակ հինգ ընկերուհիներով հիմնուած այս մասնաճիւղը գոյատեւած է ամբողջ դար մը եւ այսօր 69 ընկերուհիներով կը շարունակէ Հ.Օ.Մ.-ի սրբազան առաքելութիւնը: Ան, յարգանքի խօսք ուղղելով անցեալին ծառայած ընկերուհիներու յիշատակին, ըսաւ, թէ անոնց «նուիրումին կը պարտինք մեր ներկան». Ան նաեւ երախտիքի խօսք ուղղեց հայ ժողովուրդին, որ ազգային բոլոր ճգնաժամերուն վստահած է Հ.Օ.Մ.-ին եւ դարձած՝ թեւ ու թիկունք։ Շարունակելով, ան յայտնեց. «Հ.Օ.Մ.-ի գթառատ սիրտը միշտ բաբախեց հայ ազգի բազկերակին հետ զուգահեռ, դառնալով մէկ ամբողջութիւն»: Քէշիշեան եզրափակեց հետեւեալ խօսքով. «Քսանմէկերորդ դարու հրամայականներէն մեկնելով, Հայ Օգնութեան Միութեան ընկերուհիներս, զինուած՝ հարիւրամեայ փորձառութեամբ, գիտակից՝ հայ կնոջ պատասխանատու դերակատարութեան, հաւատարիմ՝ հայապահպանման կենսական գործի շարունակականութեան, զօրավիգ՝ Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեանց ուժեղացման, եւ ջահակիր՝ հայ կնոջ ուժեղացման, այսօ՛ր կը վերանորոգենք մեր ուխտը եւ Հ.Օ.Մ.-ի պայծառ դրօշին տակ վճռակամ կը քալենք դէպի նոր հարիւրամեակ՝ Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»:Candlelightingcutting the centennial cake

Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները յարգանքով եւ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Րիճֆիլտի քաղաքապետ Անթոնի Սուարէզը, որ ժամանակ յատկացուց անձամբ ներկայ գտնուելու այս շքեղ հանդիսութեան: Քաղաքապետ Սուարէզ շնորհաւորեց Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւրամեակը եւ այս առթիւ ներկայացուց հրովարտակ մը՝ Րիճֆիլտի քաղաքապետարանին կողմէ, զոր փոխանցեց «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհիին: Ապա, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարք Ալաշայեան, շնորհաւորութիւններ փոխանցելէ ետք, ներկայացուց երկրորդ հրովարտակ մը՝ Եունիըն Սիթի քաղաքապետարանին կողմէ, ուր հիմը դրուած էր Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղին,Մարտ 1915-ին:
Նշենք թէ, Ուեսթ Հոպոքընի մէջ հիմնուելէ ետք, Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղը 1959-ին փոխադրուած է Ռիճֆիլտ, ուր կառուցուած էր տեղւոյն հայ կեդրոնը:committee & executiveHonoring 25 years of service to ARS
Յայտագիրը շարունակելով, Քնար Քիլէճեան օրուան պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած Տոքթ. եւ Տիկ. Գուրգէն եւ Թալին Չորպաճեանի համառօտ կենսագրականը ներկայացուց: Տոքթ. Չորպաճեան ակնառու եւ յարգանք վայելող ակնաբոյժ մըն է թէ՛ ամերիկեան բժշկական շրջանակներու եւ թէ՛ հայ համայնքին մէջ: Չորպաճեան ամոլի երկու զաւակները՝ Սերենա եւ Անի, յաճախած են եւ աւարտած՝ «Նարեկ» Շաբաթօրեայ Վարժարանը, որ հիմնուած է Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղին կողմէ: Անոնք այսօր արդէն կը յաճախեն համալսարան, միշտ գնահատելով իրենց ծնողաց եւ «Նարեկ» վարժարանի ջամբած հայեցի դաստիարակութիւնը:passing the ARS torch to next generation
Տոքթ. Գուրգէն Չորպաճեան արտայայտուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի նուիրական գործունէութեան մասին, հաստատելով որ «այսօրուան մեր հաւաքը իր իմաստը կը ստանայ Հ.Օ.Մ.-ի հարիւր տարիներու աշխատանքին սփռած լոյսով, լոյս՝ որ ամբողջական նուիրուածութեամբ որպէս սրբազան կատարուող արարողութիւն կը բաշխէ իր բարիքները համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի հայ ազգին ամենադժուարին պահերուն, ամէնուրեք եւ բոլորին անխտիր»: Անդրադառնալով իր նախագահութեան, ան շարունակեց. «Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ այս պարտականութիւնը ստացայ եւ ընդունեցի որպէս երախտիք եւ ընծայարան իմ համեստ կարողութիւններուս: Այն խորհրդանշական մոմը որ պիտի վառենք (մոմավառութեան ակնարկելով) պիտի դառնայ աշխարհի լոյսը, ցեղասպանութեան մեր 1.5 միլիոն նահատակներու սուրբ նշխարէն ճառագայթող. իսկ Հ.Օ.Մ.-ի աւելի քան հարիւրամեայ գործունէութեան ճառագայթները կը բխին եւ կը հանգին մեր ազգին կենդանի եւ վերածաղկող մեր ժողովուրդի հոգիներուն ի նպաստ»: Տոքթ. Չորպաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւրամեայ յոբելեանի կազմակերպիչ յանձնախումբին որ իրենց վստահած էր այս շքեղ հանդիսութեան նահագահութիւնը: Անգլերէնով հակիրճ արտայայտուեցաւ Տիկին Թալին Չորպաճեան, կոչ ուղղելով որ ժողովուրդը միասնաբար այս երեկոյ գնահատէ Հ.Օ.Մ.-ուհիներու աշխատանքը ի նպաստ հայ ժողովուրդի կրթական, մարդկային եւ ընկերային կարիքներուն եւ ի խնդիր Հ.Օ.Մ.-ի վերելքին:
Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Սեւան Քոլէճեան, որ փոխանցեց անոր սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ շեշտեց, որ Հ.Օ.Մ.-ը իր ծրագիրներուն յաջողութիւնը կը պարտի իր ընկերուհիներուն նուիրեալ աշխատանքին եւ Հ.Օ.Մ.-ի բարերարներուն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին միանալու եւ անդամագրուելու կազմակերպութեան:MC & Org Committee chair Ungh Knar Kiledjian

Ungh Knar Kiledjian MC, Event sponsors Dr. & Mrs. Kourkin & Talene Tchorbajian & Ungh Ani Keshishian, Chairlady ARS Shakeh Chapter
Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի նախկին ատենապետուհի հանգուցեալ Մարի Դարբինեան քանի մը տարի առաջ ոտանաւոր մը գրած էր, նուիրուած՝ Հ.Օ.Մ.-ի հարիւրամեակին։ «Շաքէ» մասնաճիւղի վարչութենէն՝ Մարինա Եագուպեան ապրումով մեկնաբանեց այս ոտանաւորը, ընկերակցութեամբ՝ ջութակահար Տիանա Վասիլեանի, որ իր կարգին ներկայացուց գեղեցիկ երաժշտական կտոր մը, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Ըստ «Շաքէ» մասնաճիւղի աւանդութեան, 25 տարիներ ծառայած ընկերուհիներ գնահատանքի արժանացան: Chairlady with Mayor SuarezՀ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Թալին Տաղլեան ներկայացուց իւրաքանչիւրի գնահատանքի վկայագիրը, իսկ «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անի Քէշիշեան անոնց պարգեւեց Հ.Օ.Մ.-ի գնդասեղները: Այս գնահատանքին արժանացած ու իրենց ծառայութեան 25 տարիները բոլորած ութը ընկերուհիներն էին՝ Ալիս Աղճայեան, Սիլվա Պարոնեան, Փօլին Տոսթումեան, Մարի Լաթիրովեան, Մարալ Գաբրիէլեան, Սեդա Քէշիշեան, Շաքէ Գեթսեմանեան եւ Շաքէ Մանճիկեան:
Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, ներկայացնելով թեմի բարեջան առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը, շնորհաւորեց Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւրամեայ առաքելութիւնը եւ անոր յաջողութեան գաղտնիքը համարեց այն իրողութիւնը, որ Հ.Օ.Մ.-ի սիրտը անոր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ տրոփած է հայ ժողովուրդի կեանքին հետ միասնաբար։ Ապա շարունակեց, ըսելով. «Հ.Օ.Մ.-ը մեր հայ կեանքէն ներս այն բացառիկ կազմակեպութիւնն է, որ իգական սեռի նուիրուածութեան, կնոջական հոգատարութեան եւ մայրական անսահման սիրոյ մարմնացումն է եւ այդ առաքելութեամբ է որ գործած է, կը գործէ եւ պիտի գործէ»: Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաներուն, որ եթէ ոեւէ անձ իր սրտին մօտիկ ծրագիր մը ունի զոր կը փափաքի իրականացնել, «աչքերնիդ՝ գոց, գրպաննիդ՝ բաց, Հ.Օ.Մ.-ին վստահեցէ՛ք»:Bishop Anoushavan, ARS Regional Chairlady & Honorable Sponsors Dr. & Mrs. Kourkin & Talene Tchorbajian

Մոմավառութեան արարողութիւնը իր մասնակիցներով եւ խորհրդանշական թեմաներով գեղեցիկ կերպով եզրափակեց Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւրամեայ յոբելեանի հանդիսութեան յայտագիրը: Մայքըլ Արամին կողմէ նուիրուած մոմակալներով տեղի ունեցաւ շքեղ մոմավառութիւն: Մոմեր վառեցին Սրբազան Հայրը, պատուոյ նախագահներ Տէր եւ Տիկին Չորպաճեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին, Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհին, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէի ատենապետը եւ Հ.Օ.Մ.-ի Նիւ Ճըրզիի միւս երեք մասնաճիւղերը՝ «Ակնունի», «Պըրկըն» եւ «Սպիտակ»: Մոմավառութեան մասնակցեցան նաեւ նախկին պատւոյ նախագահներ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մարի Օհաննէսեան եւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Սիլվա Պաղտատլեան, որոնք իրենց մոմավառութիւնը ձօնեցին «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւր տարիներու նուիրեալ ընկերուհիներուն: Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան իր մոմը ձօնեց «Շաքէ» մասնաճիւղի հանգուցեալ ընկերուհիներու յիշատակին, իսկ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան՝ Հ.Օ.Մ.ի այն ընկերուհիներուն, որոնք մասնակցեցան ԱՆՉԱ-ի աշխատանքներուն: With Mark Alashaian, chairman ARF Dro GomidehԸնկհ. Ժոզէֆին Պաղտասարեան իր մոմը վառեց իր ամուսնոյն՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանի յիշատակին: Տէր եւ Տիկին Ճէք եւ Սիւզի Տոսթուրեան իրենց մոմը ձօնեցին Հ.Օ.Մ.ի որբախնամ եւ ուսման ծրագիրներուն: Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Բիրիօ Յարութիւնեան մոմը վառեցին ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Կարապետ եւ Կատար Յարութիւնեանի, Տէր եւ Տիկին Զարմայր եւ Սօնիա Սեդրաքեան՝ ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Համազասպ եւ Մարի Սեդրաքեանի, որ անդամակցած է Հ.Օ.Մ.ի «Շաքէ» մասնաճիւղին, իսկ Տէր եւ Տիկին Չարլի եւ Տիանա Մխիթարեան՝ ի յիշատակ Մխիթարեան եւ Աճէմեան ընտանիքներուն: Օրուան հանդիսավար Քնար Քիլէճեան իր դստեր՝ ընկհ. Մարի Քիլէճեան-Կէյիքեանի հետ վառեց վերջին մոմը, խորհրդանշելով Հ.Օ.Մ.-ի լուսաւոր ջահի փոխանցումը նոր սերունդին:
Երեկոն շարունակուեցաւ Մոնրէալէն յատկապէս հրաւիրուած սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի հայկական երգերու մեկնաբանութեամբ, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ, ուրախ երեկոյ մը պարգեւելով բոլոր հիւրերուն:
Հարիւրամեակի յոբելեանական այս հանդիսութեան առթիւ, Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղը նաեւ հրատարակեց պատկերազարդ գրքոյկ մը, ամփոփելով Հ.Օ.Մ.ի եւ «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւրամեայ գործունէութեան պատմականը: Յոբելեանի հանդիսութեան յանձնախումբի ատենապետութիւնը ստանձնած էր Քնար Քիլէճեան, որուն կ՚ընկերակցէին՝ մասնաճիւղի ատենապետ Անի Քէշիշեան, ընկերուհիներ Մարինա Եագուպեան, Այտա Ղարիպեան, Անիք Քէշիշեան, Նորա Տիրացուեան, Րէն Մարաշլեան, Լենա Թարաքճեան եւ Փօլին Տոսթումեան, որ ստանձնած էր գրքոյկին պատրաստութեան համադրումը: booklet & ARS small candles
Յոյժ գնահատանքի արժանի է Հ.Օ.Մ.-ի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի հարիւրամեակի հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը այսպիսի շքեղ եւ բացառիկ տօնախմբութիւն մը կազմակերպելու համար, ուր գաղութը համախմբուած էր մէկ յարկի տակ, գնահատելու եւ զօրակցելու Հ.Օ.Մ.ի սրբազան առաքելութեան ու վերելքին, եւ քաջալերելու հայ կնոջ նուիրական ու կենսական դերակատարութիւնը ազգային մեր առաջադրանքներու իրականացման մէջ:
Նոր հարիւրամեակի սեմին՝ Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիներուն կը մաղթենք յաջողութիւն, ոյժ եւ կորով՝ շարունակելու իրենց նուիրական ծառայութիւնը՝ «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար»: Ապրի՛ք Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի ընկերուհիներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

2 thoughts on “Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» Մասնաճիւղի Հարիւրամեակ

  1. Job well done sereli ungerouhiner we will always serve our nation because ungerouhies like you

  2. Congratulations! It’s a pleasure and honor to serve and extend help to this wonderful organization, the Armenian Relief Society. God bless their missions and their Dear families.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles