Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Նշում` Պէյրութի Մէջ

0 0
Read Time:5 Minute, 30 Second

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ իր հիմնադրութեան 132-ամեակը նշեց տարբեր տարողութեամբ եւ կշիռով, որովհետեւ այս տարի Դաշնակցութեան շուրջ համախմբուած լիբանանահայութեան կողքին էին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամները, Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

«Հաւատարիմ մեր տեսլականին` ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանին» խորագիրը կրող 132-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` Նոյեմբեր 18-ին, երեկոյեան, «Հիլթըն» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի տարազաւորներու կողմէ դրօշակներու մուտքով, որոնց` բեմին վրայ ծածանումով հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ Դաշնակցութեան ծնունդն ու ուղին ամփոփող տեսերիզ մը, որուն աւարտին հանդիսաւորապէս հնչեց «Մշակ բանուոր» քայլերգը: Ապա իւրայատուկ ու տպաւորիչ տեսարանով մը բեմ բարձրացան տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ, որոնք կը մարմնաւորէին հայութեան բաղադրիչները` սփիւռքը, Արցախը, Հայաստանը, Ջաւախքը, Նախիջեւանն ու Արեւմտահայաստանը, եւ իւրաքանչիւրը իր պայքարի ոգիին կառչածութիւնն ու իրաւունքներու պահպանման պայքարի անկորնչելիութիւնը հաստատելէ ետք` հնչեցուց խորհրդաւոր պատգամը. «Մենք, բոլորս միասին, իբրեւ մէկ ուժ, մէկ բռունցք, մէկ գերագոյն նպատակի ու դատի տէր, կը շարունակենք անդուլ ու անզիջող պայքարը` Եռագոյնի հովանիին տակ երդուելով, որ անկասելի է մեր գոյերթը ու անխախտ է մեր հաւատարմութիւնը վեհ տեսլականին` ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանին»:

Ապա խօսք առաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (խօսքը՝ ամբողջութեամբ կարդալ), որ յայտնեց, թէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն իր լրիւ կազմով, իր ուղեկից միութիւններու կեդրոնական վարչութիւնները եւ Հ․Յ․Դ․- Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուները այս շաբթուան ընթացքին կը գտնուին Լիբանան, ո՛չ միայն մասնակցելու ժողովներու եւ հանդիպումներու, այլ նաեւ իրենց վստահութեան քուէն բերելու եւ գնահատանքը յայտնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին կարեւոր դերին` իբրեւ սփիւռքի ճաճանչող սիրտ, մարդուժ պատրաստող եւ համահայկական դերակատարութիւն ունեցող հնոց` աւելցնելով, որ հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ տագնապներու, լիբանանահայութիւնը տակաւին պատնէշի վրայ է եւ իր ազգային պարտականութիւններուն գիտակից:

Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ի օրուան հիմնական նպատակները հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակի վերլուծումն է եւ Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը` իր ժողովուրդին: Ասկէ մեկնած Յ. Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ 1980-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 2020-ի սեպտեմբերը մենք ունեցանք անխոցելիութեան զգացում, որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդ էինք, իսկ այդ ձեռքբերումներուն մէջ  Հ․Յ․Դ․-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր` ի գին մեծ զոհողութեանց, քաղաքական մեծ աշխատանքին, քարոզչական արշաւներով եւ հայրենիքի ու սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն հասնելով:

Ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ Հ․Յ․Դ․-ի օրուան նուիրուած ձեռնարկը հաշուետուութեան առիթ է` խօսելու կատարուածներուն եւ բացթողումներուն մասին, գնահատելու ներկայ վիճակն ու ապագայի գործունէութիւնը: Անոր համաձայն, այս տարի տօնակատարութիւնը կը կայանայ տարբեր ձեւով, որովհետեւ վիրաւոր է Դաշնակցութիւնը, վշտացած է դաշնակցականը` ի տես արձանագրուած կորուստներուն, Հայաստանի ու Արցախի դիմաց առկայ վտանգներուն: Բայց եւ այնպէս Սաղաթէլեան շեշտեց, որ հաւաքական ներուժով, Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան համար դրսեւորուած միասնականութեամբ կարելի է նորանոր յաղթանակներ կերտելու ուղին բռնել:

Ապա Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին` զայն նկատելով սփիւռքի ողնաշարը, կայուն, անվերապահ եւ մնայուն աջակիցն ու նեցուկը Հայաստանին ու Արցախին, որ նաեւ մասնակից դարձած է արցախեան զոյգ պատերազմներուն` իր զաւակներուն կեանքերուն գնով: Ան նշեց, որ, թէեւ այսօր դժուար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է լիբանանահայութիւնը, սակայն ինք վստահ է, որ ան պիտի կարենայ պատուով դուրս գալ ասկէ ալ: Իր խօսքի վերջին բաժինով Սաղաթէլեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը անձի կազմակերպութիւն չէ, արտաքին ճակատէ հրահանգներ ստացող չէ, այլ անցեալ կերտած, ապագային նայող, ազգային իղձեր ու նպատակներ ունեցող կազմակերպութիւն է, իր ժողովուրդին պաշտպանն է, իսկ այսօր ան ունի յաւելեալ նոր առաքելութիւն, զոր պատուով կը կատարէ: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ այս բոլորէն կարելի է դուրս գալ միասնականութեամբ եւ միութեան ուժով:

Խօսքերէն ետք տեսերիզով մը ներկաները հետեւեցան լիբանանեան կառոյցի միամեայ գործունէութեան եւ տարած տարաբնոյթ աշխատանքներուն:

Ապա խօսք առաւ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (խօսքը՝ ամբողջութեամբ կարդալ), որ դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր 132-ամեակը կը տօնէ հայութեան վերջին հարիւրամեայ պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային մէկ փուլին, որովհետեւ յանձնուեցաւ Արցախը, վտանգուած է Հայաստանի գոյութիւնը, վտանգուած են Միջին Արեւելքի գաղութները, հողմահար եղած է Լիբանանը, յատուկ ջանք ի գործ կը դրուի կացինահարելու Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, հիասթափութեան ամպերը տարածուած են ամէնուրեք: Ասոր զուգահեռ, ան նշեց, որ մինչ Թուրքիան կը շարունակէ հետապնդել իր համաթուրանական ծրագիրն ու հայաջինջ մոլուցքէ մեկնած քաղաքականութիւնը, մենք կը հարուածենք հաւաքականը, յանուն կեղծ իրատեսութեան կամ քաղաքական իրապաշտութեան ապազգային դիրքորոշումներով զիջումէ զիջում կը նահանջենք` առանց իսկ մտածելու, որ աւարտը անխուսափելի անձնատուութիւնն է եւ բազմահազար նահատակներով կերտուած Հայաստանի թրքացումը, անվերադարձ կորուստն ու հայկականութեան խորտակումը:

Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս բոլորին դիմաց մենք ձեռնածալ նստած, առաւելագոյն պարագային ամօթխած հակազդեցութեամբ կը դիտենք, սփիւռքը կը պառակտենք, կը մասնատենք, գագաթներ կը փնտռենք` աւելցնելով, որ այս ընթացքը աւելի վտանգաւոր փուլ կը տանի մեզ ազգովին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց, որ 132-րդ այս տարեդարձին լիբանանահայութեան կողքին են Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն, Հ․Օ․Մ․-ի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան կեդրոնական վարչութիւնները, մեզի հետ են Արցախէն Հարաւային Ամերիկա, Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, Մոսկուայէն Իրան ու միջինարեւելեան եւ Ծոցի երկիրներ, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ մեր դաշնակցական կառոյցներու ներկայացուցիչները, որոնք մեր դժուարին օրերուն անվերապահ կերպով կանգնեցան Լիբանանի հայութեան կողքին: «Ահա անգամ մը եւս կու տանք փաստը, որ Լիբանանն ու Լիբանանի հայութիւնը ո՛չ միայն առանձին չեն, այլ միաժամանակ կարեւորագոյն օղակներէն են համահայկական միասնութեան եւ համազգային դիմադրութեան` ի խնդիր մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանի յաւերժութեան»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Բագրատունի ըսաւ, որ 132-ամեակը նաեւ առիթ է վերանորոգելու մեր ուխտը` «հաւաքական ճիգով, հաւաքական պայքարով, եսի ոտնակոխումով եւ մեր տեսլականի իրագործումը կիզակէտ դարձնելով, միասնաբար յաղթելու։

Ասմունքով հանդէս եկաւ Կամիլա Քէշիշեան:

Ապա ազգային երգերով մթնոլորտը խանդավառեց այս առիթով հրաւիրուած հայրենի երգիչ Արաբօ Իսպիրեան:

Դաշնակցութեան 132-ամեակի աւարտը յատկանշական էր պատանիներու խոստման արարողութեամբ:

Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով դաշնակցական պատանիի խոստում տուած պատանիներու այս փաղանգը կոչուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի նահատակ, Այնճար հայաւանի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ Զաւէն Թաշճեանի անունով: Խոստումը առաւ նահատակ ընկերոջ զաւակը` Արմէն Թաշճեան:

Թաշճեան պատանիներուն ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ անոնք իրենց պատանեկան խոստումէն ետք կը սկսին իրենց գաղափարական քայլարշաւին, որով անոնք պիտի կերտեն ու ամրապնդեն իրենց պատկանելիութիւնը ազգային մտածելակերպի, ընկերային համերաշխութեան եւ արդար դատի գաղափարականութեան:

Արմէն Թաշճեան ընդգծեց, որ պատանիներուն տալիք խոստումին նկատմամբ մեծ է յոյսը: «Համոզուած եղէք, որ չենք կրնար պատկերացնել որեւէ պահ, որ ամէնէն նեղ պայմաններուն մէջ կամ նոյնիսկ ամէնէն շռայլ կեղծարարութիւններուն առջեւ` ինքնուրաց սայթաքումով կը դրժէք ձեր պատկանելիութիւնը», ըսաւ ան:

Թաշճեան նկատել տուաւ, որ յարաճուն փորձ կայ մթագնելու գիտակցութիւն եւ ուղեղ, որպէսզի շնչահեղձ ըլլայ հայու Արարատ եւ հայու Շուշի ունենալու արժանաւորութեան զգացումը:

«Շինիչ կոչուող, բայց շինծու եւ հեռակառավարուող քաոսներու մէջ, մենք կ՛ակնկալենք, որ դուք պայծառատես մնաք եւ չկորսուիք: Համոզուած ենք, որ պիտի վաստկիք արմատէն չկտրուելու եւ կենսագրութիւն ու յետագիծ չուրանալու դիմադրական ներուժը», ընդգծեց Արմէն Թաշճեան` նկատել տալով, որ պատանիները կոչուած են իրենց խոստումով սերնդափոխութիւն ապահովելու: Սերնդափոխութի՛ւն` նո՛յն պայքարին, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջացման, ինչպէս նաեւ ուրոյն ու անկախ պետութիւն կերտելու յարատե՛ւ կռիւին (Արմէն Թաշճեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Խոստում տուած պատանիներու եւ ներկաներու խանդավառութեան մթնոլորտին հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արաբօ Իսպիրեանի կողմէ «Գինի լից» երգի մեկնաբանութեամբ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles