«Հայ Մամուլի Օր».- Հոկտեմբեր 16

0 0
Read Time:4 Minute, 26 Second


Գէորգ Պետիկեան

Մամուլը, իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ հասարակութեան համար, նկատուած է, իբրեւ անոր անբաժան մասնիկը: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ ու ստանձնել անոր կեանքին մէջ:
Արդ՝ այս կարճ յառաջաբանէս ետք՝ քիչ մըն ալ պատմութիւն.-
1512-ին, Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտը, լոյս ընծայելով հայատառ գիրք՝ «Ուրբաթագիրքը»-ը, առաջին անգամ ըլլալով հայ մեր տպագրութեան հիմը կը դնէր: Իսկ շուրջ երեք դար ետք, ու ճիշդ 1794 Հոկտեմբեր 16-ին, հայ անուանի մտաւորական եւ ազգային գործիչ՝ Յարու- թիւն քահանայ Շմաւոնեան (գաղթած Իրանի Նոր Ջուղայէն) Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ կը հիմնադրէր իր սեփական տպարանը, իր իսկ յօրինած տառերով: Այս ձեւով ան կարողացաւ տպագրել կրօնական եւ ազգային գիծ ունեցող հատորներ, թիւով եօթը:
Ժամանակ մը ետք, Շմաւոնեան հրապարակեց, իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ պարբերական մը՝ «Ազդարար» անունով: Խորքին մէջ, հայերէն առաջին պարբերական՝ «Ազդարար»ը, որ ամսական դրութեամբ լոյս սկսած էր տեսնել, շատերու համար ամսագիր նկատուած էր, իսկ ոմանց՝ լրագիր: Պէտք է շեշտել, որ «Ազդարար»ը, շատ կարեւոր նշանա-կութիւն ունեցաւ հայ հասարա-քաղաքական մտքի ձեւաւորման, գաղափարներու հասունացման եւ տարածման գործին մէջ:
Ու պատմութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ամսագիրը իր սկիզբին ունեցած էր միայն 28 բաժանորդ: Բայց հետաքրքրրական այն էր, թէ նաեւ ունեցած էր իր խմբագրական կազմը, այլ խօսքով յատուկ մարմին մը, բաղկացած՝ իր շուրջ համախմբուած երիտասարդներէ: Ըստ երեւոյթին, այս մարմնի անդամներն էին ընդհանրապէս տպարանի աշխատողները, որոնք տպագրութեան յանձնուելիք գրութիւնները կամ «յօդուածները», լուրերն ու յայտարարութիւնները, նախ կը կարդային եւ միասնաբար քննարկելէ եւ ապա փոփոխութիւններ կատարելէ ետք միայն կ’ուղարկէին «շարուելու»:
«Ազդարար» ի մէջ «լոյս կը տեսնէին» կամ կը տպագրուէին բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսական յօդուածներ, լուրեր ու զանազան յայտա-րարութիւններ: Թերթի էջերուն մէջ նաեւ տեղ կը գրաւէին անգլերէն թերթերէն քաղուածքներ, եւ թարգմանական նիւթեր եւ թղթակցութիւններ: Օրինակի համար՝ Անդրկովկասի քաղաքական անցքերը: Այդ օրերուն Մահմետ Խանի արշաւանքները, բաւական տեղ գրաւած էին։
Նիւթերու լեզուն գրաբար էր, մերթ ընդ մերթ ալ ջուղայեցիներու ռամկախառն աշխարհաբա-ռով, որովհետեւ ընթերցողներու մեծ մասը կը կազմէին Իրանի, Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան գաղթած հայերը։
Շմաւոնեան լաւատեղեակ ըլլալով իր համաքաղաքացիներու հետաքրքրութիւնները, կը տպէր նաեւ Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն Պարսից» բաւական մեծ պատմական ուսումնասիրութիւնը, որ պատմական ակնարկներու նկարագրական հաւաքածոյ մըն էր, համեմուած կրօնաբարոյախօսական դատողութիւններով եւ խոհերով:
Իր բազմաբնոյթ հրապարակումներով «Ազդարար»ը նաեւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան հետ առընչուող խնդիրներու լուսաբանութեան, միշտ փորձելով ընթերցողներուն մէջ արթնցնել
ազգային գիտակցութիւնը, միաժամանակ ամրապնդելով ազատատենչութեան եւ հայրենա-սիրութեան վսեմ ոգին: Շմաւոնեան նաեւ իր թերթին միջոցով հանրութիւնը ուսման եւ դաստիրակութեան կը մղէր, եւ այս ձեւով կը փորձէր օժանդակել հայ ժողովուրդի վերելքին, մտային զարգացման եւ քաղաքական ազատութեան:
Թէեւ «Ազդարար»ի նիւթերն ու յօդուածները բարձրորակ չէին, ինչպէս նաեւ ձեւաւորումը պարզ՝ սակայն պէտք է ըսել, որ ան ունէր բաւական թիւով ընթերցողներ։ Չմոռնանք նաեւ, որ այս հայ իրականութեան մէջ առաջինն էր եւ որ Ասիական այս երկրին մէջ եւ այդ օրերուն կղերականներու ստեղծած կամ որդեգրած սահմանափակումներուն տակ, կը հրատա-րակուէր օժանդակութեամբը հայ վաճառականներու: Շմաւոնեան միշտ փորձած էր վաճառական-կղեկարական այս երկու հատուածներու միջեւ իրարհասկացողութեան լեզու եւ միջոց գտնել: Սակայն, այնպէս կ’երեւի թէ, պայքարը անհաւասար էր ու այսպէս սոյն լրագիրը վերջնականապէս փակուեցաւ, երբ դժբախտաբար Շմաւոնեան մեկուսացուեցաւ իր այս ասպարէզէն: Յիշենք, որ «Ազդարար»ը լոյս տեսած էր միայն 18 թիւ, իսկ վերջինը՝ 1796-ին։
Յարութիւն քահանան պարզ կամ սոսկ հրատարակիչ մը չէր, այլեւ ազատագրական վսեմ գաղափարներու դրօշակակիր մը, որուն շնորհիւ «Ազդարարը» դարձաւ այն հաստատ հիմքը, որուն վրայ տարիներ ետք, ստեղծուեցան լրագրական զանազան գործեր: Այսպէս, յաջորդա-բար լոյս աշխարհ եկան «Ազդարար»ի նման լրագիրներ: Յիշատակելի են.- հնդկահայ՝ «Շտե-մարան» (1822), «Ազգասէր» (1845-1848), «Ազգասէր Արարատեան» (1848-1852), «Ուսումնասէր» (1849-1853, Սինկաբուր), «Եղբայրասէր» (1862-1863) եւ այլ պարբերականները։ «Ազդարար»ի դերը մեծ էր, որովհետեւ դարեր ետք, Հնդկաստանէն շատ-շատ հեռու, լոյս տեսան Գրիգոր Արծրունիի «Մշակը» (Թիֆլիս), «Նոր դարը» (Թիֆլիս), «Արեւելքը» (Կ.Պոլիս), Յարութիւն Սւաճեանի «Մեղուն» (Թիֆլիս), Յակոբ Պարոնեանի «Թատրոնը», Արշակ Չոպանեանի «Անահիտը» (Կ.Պոլիս), «Ապագայ» (Փարիզ), «Պայքար» (Պոսթըն), «Ազգագրական Հանդէս» (առաջին հայ ազատագրական պարբերական, Շուշի, ապա Թիֆլիս, 1895-1916), «Բազմա-վէպ» (Վենետիկ, Ս. Ղազար կղզի- կը հրատարակուի մինչեւ օրս), եւ Մ. Նալբանտեանի «Հիւսիսափայլ»ը (Սէն Փիթըրզպուրկ):
***
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի մէջ շատ հին ժամանակներէն յատուկ պաշտամունքի հասնող յարգանքով, մարդիկ գիրին եւ գրականութեան կը մօտենային: Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է ընթերցասէր, քաջալերած է գիրն ու գրողը: Ո՛չ մէկ կասկած: Աւելին՝ հայ մամուլը, միայն լուր տարածող միջոց չէ եղած, այլ նաեւ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:
Հայ մամուլը, իր դարերու կեանքով ու գործով, իբրեւ ծառայասէր՝ մեր ազգին ճամբայ ցոյց տուած է: Տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, եւ հակառակ ներկայի իր ծանր դժուարութիւններուն, մեզ բոլորս ալ, ազգային ինքնութեան հետ կապած: Հայ մամուլը միշտ դէպի իր ժողովուրդը քալած եւ գացած է, իր ազգային խորքով եւ չափով: Մակերեսէն անդին եւ մեր ժողովուրդի անկնկալութիւններով բեռնաւոր: Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ’ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներու նիւթաբարոյական նեցուկին:
Բայց չէ, որ մեր հայ մամուլին մէջ կը փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան մեր պատկերները, անոր համար էական է, որ լիովին զօրավիգ կանգնինք ու նպաստենք անոր գորատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն: Որովհետեւ հայը, իր հայ մամուլով, հաղորդ մնալով հանդերձ, աշխարհին, հայրենիքին եւ Սփիւռքին հետ, իր հայութիւնն է, որ կը փնտռէ:
Հայաստանի մէջ, Հոկտեմբեր 16-ը նուիրուած է հայ մամուլին: Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք հայ մամուլի բոլոր գործընկերները եւ կը մաղթենք, որ մամուլը ըլլայ իսկապէս ազատ եւ եւ թափանցիկ, իսկ լրագրողներն ալ իրենց գրիչը օգտագործեն՝ առաջնորդուելով միայն լրաւտամիջոցի եւ երկրի ապագայի շահերէն: Լաւ յիշենք, ազատ մամուլն ու կարծիք յայտնելու ազատութիւնը ժողովրդավարական պետութեան հիմքերն են:
Ու պատիւ իրեն, մամուլին վերապահուած է այս դերը:

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles