Արուեստ Եւ Մշակոյթ
ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ` 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ (Բ)
Շարունակելով մեր ակնարկը 19-րդ դարու առաջին կէսի հայ գուսանա-աշուղական, ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան մասին, կը գտնենք որ բնութագրուող ժամանակաշրջանի աշուղական երգերն իրենց լեզուով այլազան են: Շատ աշուղներ կը յօրինէին պարսկերէն, թրքերէն, ատրպէյճաներէն կամ` խառն լեզուով երգեր:


