
“Կեանքի Աստուած, առաջնորդիր մեզ դէպի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն“ խորագիրը կրող համաժողովին կը մասնակցին 150 երկիրներէ 360 եկեղեցիներ: Հարաւային Քորէայի Փուզանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համագումարին, որ կը համախմբէ աշխարհական եւ կրօնական 4000է աւելի մասնակցութիւններ: Հայ եկեղեցին ներկայ է մօտ տաս հոգինոց երկու պատուիրակութիւններով` Էջմիածնէն եւ Անթիլիասէն: Էջմիածնի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր մասնակցելու յիշեալ համաժողովին, սակայն բազմազբաղ ըլլալով պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել: Յիշեցնենք, որ Վեհափառ հայրապետը 15 տարի (1991-2006) երկու շրջան վարած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց ատենապետութիւնը, որ Ե.Հ.Խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնն է: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ իննը պատգամաւորներէ եւ երկու երիտասարդ մասնակիցներէ.- Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին), Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Լիբանան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին), Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանգներ (Վարիչ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց), տիկին Թենի Սիմոնեան, Զուիցերիա (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւրոպայի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց), դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, Լիբանան (ատենապետուհի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբին), իրաւաբանուհի Վանա Կիտցինեան, Միացեալ Նահանգներ, (անդամ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբին), տիկ. Իրմա Պալեան, Լիբանան (անդամ Կաթողիկոսարանի երիտասարդական յանձնախումբին), տիկ. Նազելի Գանտահարեան, Լիբանան (անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան), օրդ. Քրիսթին Արզումանեան, Լիբանան (անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան), օրդ. Կրէյս Օհանեան, Լիբանան (անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան), օրդ. Ակաթա Աբրահամեան, Իրան (անդամ Թեհրանի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդներու Միութեան): Պատգամաւորներէն չորսը համաժողովի յանձնախումբերուն մէջ եւս պիտի ծառայեն: Սեպուհ Սրբազան` ընտրողական յանձնախումբ, Նարեկ Սրբազան` համադրող յանձնախումբ, տիկ. Թենի Սիմոնեան` ծրագրումի յանձնախումբ եւ տոկտ. Նորա Գապագեան` ընկերա-քաղաքական հարցերու յանձնախումբ: Էջմիածնոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, Վիգէն արք. Այքազեանը (Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ), Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանը, Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հիմնադրոյթներու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեանը, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, Աւստրալիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաջարեանը, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի միաբան Բագրատ վրդ. Պուրճեկեանը, վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Աղան աբեղայ Երնջակեանը, Մայր աթոռի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը, Հայաստանեան “Կլոր Սեղան“ միջեկեղեցական բարեգործական հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Կարէն Նազարեանը, Մայր աթոռի Համացանցային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Փoլա Տէր Մաթոյեանը, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի աշխատակից Գոհար Ղալաչեանը, Լոզանի համալսարանէն Անի Ղազարեանը: