ՀԱՅ ԴԱՏԻ «ԼԷՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ» ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի կը նշէ «Լէօ Սարգիսեան» ամառնային վարժողական ծրագիրի 30ամեակը:
Այս ծրագրին նպատակն է երիտասարդ համալսարանականներ ծանօթացնել ամերիկեան քաղաքական կեանքին, եւ առիթ ստեղծել մասնակցելու շարք մը ծրագիրներու իրականացման: Այս ծրագիրը նաեւ առիթ մըն է մասնակցելու քաղաքական անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներու եւ դասախօսական ձեռնարկներու։
Այս տարուան ծրագրին կը մասնակցին 7 համալսարանականներ կամ նոր շրջանաւարտներ։
Անոնք արդէն իսկ հանդիպած են քոնկրէսականներ Ռապըրթ Տոլտի, Էտըմ Շիֆի, Տէյվիտ Վալատաուի եւ Տէյվիտ Սիսիլինի հետ։
Աշակերտները նաեւ ներկայ եղան Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի մէկ նիստին, ուր վկայութիւն կու տար Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սըմենթա Փաուըր։ Անոնք նաեւ ընկերային պահ մը անցուցին Հայկական համագումարի վարժողական ծրագիրին մասնակիցներուն հետ։
Այս տարուայ ,Լէօ Սարգիսեանե վարժողական ծրագիրին մասնակիցներն են.-

– ՏԵՆԻՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ. ան նոր շրջանաւարտ մըն է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն, պսակաւոր արուեստից վկայականը ստանալով քաղաքական գիտութեան մէջ՝ իբրեւ երկրորդական մասնագիտութիւն ունենալով հայագիտութիւնը։ Ան մասնակցած է նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին։
– ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԲԻԱԶԵԱՆ, որ «Օքսիտենթըլ» համալսարանի ուսանող է ու կը մասնագիտանայ դիւանագիտութիւն ու համաշխարհային հարցեր ճիւղին մէջ, իսկ իբրեւ երկրորդական մասնագիտութիւններ ընտրած է ուսողութիւնն ու տնտեսագիտութիւնը։ Ան վերջին երկու տարիներուն ատենապետը եղած է համալսարանի հայ ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ 13 համալսարաններ ներկայացնող Համալսարանական հայ ուսանողական միութեան հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուն է։ Ան մասնակցած է նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին։
– ԱՐԵՒԻԿ ԱՖԱՐԵԱՆ, որ Հ.Ե.Դ.-ի անդամ է ու Մոնրէալի համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութեան ուսանող ու կը ծրագրէ մասնագիտանալ միջազգային ուսմանց եւ իրաւաբանութեան մէջ։ Ան նաեւ անդամ է Գանատայի «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ անդամ է «Համազգային»ի, իսկ այժմ աշխատանք կը տանի համալսարանին Հայ ուսանողական միութիւնը վերահաստատելու։
– ՇԱՆԹ ՉԱՔՄԱՔ,
որ շրջանաւարտ պիտի ըլլայ Թորոնթոյի «Եորք» համալսարանէն, ուր կը մասնագիտանայ քաղաքական գիտութեան ճիւղին մէջ։ Ան ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է Հ.Ե.Դ.-ի Թորոնթոյի ուխտին մէջ, ինչպէս նաեւ անդամ է Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Երիտասարդ ազատականներ կազմակերպութեան վարչութեան ու նահանգային հարցերով անոր փոխատենապետն է։ Վերջին երեք տարիներուն, ան Օնթարիոյի կառավարութեան նախաձեռնած ամառնային վարժողական տարբեր ծրագիրներու մասնակցած է։
– ՏԻԳՐԱՆ ԽՈՏԱՆԵԱՆ, որ նոր շրջանաւարտ մըն է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի «Նորթրիճ» մասնաճիւղէն՝ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստանալով պատմութեան եւ հայագիտութեան ճիւղերուն մէջ։ Ան գործօն անդամ է Հ.Ե.Դ.-էն եւ համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութենէն ներս, ինչպէս նաեւ եղած է համալսարանի ուսանողական կառավարութեան անդամ։ Անոր նպատակն է հայագիտութեան մէջ դոկտորի տիտղոսին արժանանալ։
– ՓԵԹՐԻՔ ՊԱՊԱՃԱՆԵԱՆ,
որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Պըրքլի»ի մասնաճիւղի ուսանող է՝ մասնագիտանալով խաղաղութեան եւ հակամարտութեանց ուսմանց ճիւղին մէջ ու կը փափաքի մասնագիտանալ ռուսական պատմութեան մէջ։ Ան գործօն անդամ է համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ կազմակերպութիւններու։
– ԷՐԻՔ ԽԶՄԱԼԵԱՆ. ան Մինեսոթայի համալսարանի ուսանող է ու կը հետեւի քաղաքական գիտութեան ճիւղին։ Ան մասնակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի նախաձեռնութեանց ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի ձեռնարկի կազմակերպման։


