ԳլխաւորԼրահոս

Հայ Դատը Կը Պահանջէ Պաշտօնանկ Ընել Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Թոմ Պարաքը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատը հրատարակեց կոչ մը, նախագահ Թրամփէն պահանջելով, որ անմիջապէս պաշտօնանկ ընէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաքը՝ անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ դատապարտուած սեռական յանցագործ Ճեֆրի Էփսթէյնի հետ բացայայտուած կապերուն պատճառով։

Կոչը կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած փաստաթուղթերուն, որոնք կը վկայեն Պարաքի եւ Էփսթէյնի միջեւ տասնամեայ մտերիմ յարաբերութեան մը մասին։

Advertisement Subscribe Today

Անցեալ Յուլիսին ալ Հայ Դատը պահանջած էր Պարաքի հրաժարականը, երբ ան Նիւ Եորքի մէջ ճեպազրոյցի մը ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնորոշած էր, որպէս «հին տպաւորութիւն»։

Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ Պարաքի արձանագրուած ժխտողական դիրքորոշումը եւ Էփսթէյնի հետ կապերը անոր անպատշաճ կը դարձնեն, ներկայացնելու Միացեալ Նահանգները։

Ծերակուտական Ատըմ Շիֆ (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա) իր կարգին  հարցադրեց, թէ արդե՞օք Պարաքը այդ տիպար անձն է երկիրը ներկայացնելու համար։

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button