ՀԱՅ ԴԱՏԸ Կ՛ԱՋԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․-Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցի Հայաստանի ապահովութեան համար պատրաստուած համակուսակցական օրինագծին (ARMENIA Security Partnership Act – H.R.6840), որ ներկայացուած է Քոնկրէսի հայկական խմբակի համանախագահներ՝ Կաս Պիլիրաքիսի (Հանրապետական – Ֆլորիտա) եւ Ֆրանք Փալոնի (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի) կողմէ։ Օրինագիծը կը նպատակադրէ արգիլել նախագահին կողմէ 907-րդ բաժինի սահմանափակումներու չեղարկումը՝ Ատրպէյճանին տրամադրուած օժանդակութեան պարագային, այնքան ատեն, որ Ալիեւի վարչակարգը գործնական քայլեր չառնէ Հայաստանի հետ տեւական խաղաղութեան ուղղութեամբ։
Օրինագիծը կը պահանջէ ատրպէյճանական ուժերու ամբողջական դուրսբերում Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, բոլոր հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակում, Հայաստանի դէմ թշնամական գործողութիւններու դադրեցում, Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի ճանաչում եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւն։
Եթէ այս պայմանները չկատարուին, օրինագիծը կը նախատեսէ Հայաստանի անվտանգային կարիքներու անյապաղ վերատեսութիւն եւ կ՛արգիլէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւն։
Նաեւ, Հայ Դատը դէմ կը կանգնի 907-րդ բաժինը վերացնելու որեւէ փորձի՝ շեշտելով, որ Ա․Մ․Ն․-ի օժանդակութիւնը պէտք է պայմանաւորուի Ատրպէյճանի պատասխանատուութեամբ՝ Արցախի ցեղասպանութեան, հայ գերիներու պահման, Հայաստանի տարածքներու գրաւման եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան կործանման համար։
«Այս օրինագիծը կը ներկայացնէ արդարամիտ մօտեցում մը՝ միաժամանակ զսպելու ատրպէյճանական յարձակողականութիւնը եւ ամրապնդելու Ամերիկայի գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ։ Այս օրինագիծը կապուած է խաղաղութեան յստակ չափանիշներու՝ հայ գերիներու ազատ արձակում, գրաւուած հայկական հողերէն ատրպէյճանական ուժերու ամբողջական դուրսբերում եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն։ Պէտք է դադրինք խրախուսել Ատրպէյճանի շարունակուող թշնամանքը՝ բնական նկատելով Արցախի ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի շարունակական խախտումները, եւ սկսինք Ալիեւի վարչակարգը պատասխանատուութեան ենթարկել իր յանցագործութիւններուն համար», ըսաւ Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեան։
«Հայաստանը առանցքային գործընկեր է անկայուն տարածաշրջանի մը մէջ եւ արժանի է իրական աջակցութեան։ Երեւան կը դիմագրաւէ իր ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան դէմ շարունակուող սպառնալիքներ։ Այս օրինագիծը յստակ ուղերձ կը յղէ, թէ Միացեալ Նահանգները աչք չի փակեր յարձակողականութեան, մարդկային իրաւունքներու խախտումներու կամ հայերու բռնի տեղահանութեան վրայ։ Պատասխանատուութիւնը պէտք է մեր արտաքին քաղաքականութեան կիզակէտը ըլլայ», յայտնեց ներկայացուցիչ Պիլիրաքիս։
Միւս կողմէն, Ֆրանք Փալոն յայտարարեց, թէ․«Շատ երկար ժամանակ է, որ Ատրպէյճանը անպատիժ գործելու հնարաւորութիւն ունեցած է՝ ապակայունացնելով Հարաւային Կովկասը, կատարելով սարսափելի մարդկային իրաւունքներու խախտումներ եւ սպառնալով հայ ժողովուրդին։ Մեր օրինագիծը կարեւոր քայլ մըն է՝ վերջապէս Ալիեւի վարչակարգը պատասխանատուութեան ենթարկելու տարածաշրջանին մէջ շարունակուող մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ տեւական խաղաղութեան սպառնալիքներու համար։ Անհամբեր կը սպասեմ մեր գործընկերներուն հետ աշխատելուն՝ զայն օրէնքի վերածելու համար»։

