Ամերիկահայ
ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ա.Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՀԵՏ
Երկուշաբթի, Յունուար 10-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, Թեմիս Կրօնական Ժողովի հրաւէրով, Ամերիկահայ Առողջապահութեան Մասնագէտներու Կազմակերպութեան AAHPO) դիւանի անդամները՝ Լէրի Նաճարեան, Քիմ Հեքիմեան, Ցոլին Գոճաօղլանեան եւ Ճան Պիլէզիկեան առցանց հանդիպում ունեցան հոգեւորականաց դասուն հետ։ Պսակաձեւ ժահրի հոլովոյթի մասին ամփոփ զեկոյցէ ետք, բժշկական կազմի անդամ-անդամուհիները ձեռնհասօրէն պատասխանեցին եկեղեցական հայրերու հարցումնեուն, լուսաբանելով այն մտահոգութիւնները, որոնք ծխականներու կեանքը կը յուզեն։


