Լրահոս

Հայ Բանտարկեալներու Ազատագրութեան Հարցով` Արամ Ա. Կաթողիկոս Դիմեց Փոխնախագահ Վենսին

Արամ Ա. Կաթողիկոսը յատուկ նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսին եւ անոր ուշադրութեան յանձնեց Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն եւ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման հարցերը՝ դիմելով անոր անձնական միջամտութեան:

Յիշեալ նամակին մէջ, հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը շեշտէ թէ՛ ռազմագերիներու ազատ արձակումին եւ թէ հոգեւոր-մշակութային կոթողներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: Նշենք, թէ յառաջիկայ շաբաթ, Վենս յաջորդաբար Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի այցելէ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button