

վեր. Ժօէլ Միքայէլեան, Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, Պարոն Զաւէն Խանճեան
Ետեւի շարք՝ ձախէն աջ – Վեր. Դոկտ. Արա Չաքըրեան, Վեր. Մկրտիչ Մելքոնեան, Վեր. Պերճ Ճամպազեան, Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան, Վեր. Գէորգ Գասպարեան, Վեր. Ժագ Չողանճեան, Վեր. Ժիլպեռ Լեւոնեան
Նկարէն կը բացակային: Վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Վեր. Դոկտ. Րան Թովմասեան
Վեր. Վահան Յ. Թութիկեան
Գործադիր Տնօրէն,Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր լիանիստ ժողովը գումարեց Հէվըրթաունի (Փենսիլվանիա) Նահատակաց Ժողովական Եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 20-21-ին:
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը խորհրդակցեցաւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ.-
1. Վերատեսութիւն Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170-ամեակի տօնակատարութեանց: Ժողովը վերատեսութիւն ենթարկեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւնները, ինչպէս նաեւ համահայ Աւետարանական Հովիւներու համագումարը:
2. Երկխօսութիւն Էջմիածինի հետ: Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Մայր Աթոռ Էջմիածինի միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան մասին տեղեկագրուեցաւ եւ որոշուեցաւ որ կողմերը շարունակեն երկխօսութիւնը:
3. Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գրասենեակը Երեւանի Մէջ: Տեղեկացուեցաւ որ դիւրահաղորդակցութեան համար ՀԱՀԽ-ի յատուկ գրասենեակ մը հաստատուած է Աւետարանչականի Ընկերակցութեան Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ համաձայն՝ Գործադիր Յանձնախումբի նախապէս առնուած որոշումին:
4. Համակերպ «Կարգ Պաշտամունքի»: Նկատի ունենալով որ հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու «Պաշտամունքի կարգ»ին մէջ զանազանութիւններ կան, յանձնարարուեցաւ որ հայ Աւետարանական հովիւներ, քարոզիչներ եւ կրօնական գործիչներ հետեւին ՀԱՀԽ-ի կողմէ պատրաստուած Հովուական Ձեռագիրքին: Նմանապէս խորհրդածութեանց նիւթ եղաւ հայ Աւետարանական եկեղեցիներու պաշտամունքի մէջ երգեցողութեան հարցը: Յանձնարարուեցաւ որ թէեւ արդի նոր հոգեւոր երգերու գործածութիւնը ընդհանրացած է կարգ մեր եկեղեցիներու մէջ, պէտք է շեշտել կարեւորութիւնը հայ աւետարանական աւանդական հոգեւոր երգերու:
5. Մամուլի հաղորդագրութիւն: Ժողովը որոշեց որպէս հաղորդագրութիւն հետեւեալ երկու այժմէական նիւթերը յանձնել հայ մամուլին, որոնք աղերս ունին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեայ տարեդարձի եւ Հալէպահայութեան փոթորկալի կացութեան հետ.-
«Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի
Հանրապետութիւնը եւ Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տօնեցին իրենց անկախութեան 25-ամեայ տարեդարձը:
Պատմական այս նշանակալից հանգրուանին, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ հայոց զոյգ հանրապետութիւններուն՝ մաղթելով անոնց նոր նուաճումներով լի ցնծման տարիներ: Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը միանգամայն կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը նեցուկ կենալու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան պահպանումին եւ բարգաւաճումին»:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպահայութեան դժբախտ կացութեան մասին, ժողովը ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.-
«Աւելի քան հինգ տարիներէ իվեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հալէպահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստները մեծ ցաւ կը պատճառեն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին, որուն անդրդուելի յանձնառութիւնն է վերաշինել մեր եկեղեցական եւ մշակութային կառոյցները: Իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիահայութեան արտագաղթին,Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը օժանդակելու անոնց, որոնք որոշած են մնալ իրենց բնակած վայրերուն, մէջ կամ որոշած են գաղթել Հայաստան:
Մինչ այդ մեր աղօթքը այն է որ Աստուած խաղաղութիւն շնորհէ տագնապալի Միջին Արեւելքի երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Հալէպահայ գաղութի մեր սիրելի հայրենակիցներուն»:
6. Դիւանի Ընտրութիւն: Խորհուրդի երկամեայ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ եւ հետեւեալ անձերը ընտրուեցան 2017-2018 տարեշրջանի համար.- Վեր. Պերճ Ճամպազեան՝ Նախագահ, Վեր. Ժօէլ Միքայէլեան՝ Փոխ-նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ Ատենադպիր, Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Գանձապահ, եւ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ Գործադիր Տնօրէն: