Արուեստ Եւ Մշակոյթ

ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Իննա Մխիթարեան (``Հայրենիք``ի լուսանկարիչ)

ԵՐԵՒԱՆ (“Թերթ“).- “Ֆոթովիզա 2011“ միջազգային լուսանկարչական մրցոյթի եզրափակիչ անցած են չորս հայ լուսանկարիչներ` Իննա Մխիթարեան (“Հայրենիք“ի լուսանկարիչ), Անահիտ Հայրապետեան, Նազիկ Արմէնակեան, Հայկ Պիանճեան), որոնք Հոկտեմբեր 23-ին մեկնած էին Քրասնոտար, մասնակցելու “Ֆոթովիզա“ի լուսանկարներու միջազգային երրորդ 3րդ փառատօնին եւ ապա, մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին` լուսանկարիչներ Ռուսաստանէն, Իտալիայէն եւ Լեհաստանի տարբեր քաղաքներէն:

Անահիտ Հայրապետեան

Փառատօնի ընթացքին կատարուած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, սահմանուած ինը մրցանակներէն չորսը` ստացան վերոյիշեալ չորս լուսանկարիչները: Այս հայ մասնակիցները պատուաւոր տեղեր գրաւած են զանազան ենթաբաժանումներէ ներս:

Նազիկ Արմէնակեան

Այսպէս, առաջին անուանակարգը կոչուած է “Ճանապարհ“, ուր առաջին տեղը գրաւած է Անահիտ Հայրապետեան: Երկրորդը` “Մարդն ու զինք շրջապատող միջավայրը“, առաջին տեղը գրաւած է Նազիկ Արմենակեան, իսկ երկրորդը` Հայկ Պիանճեան: Երրորդ` “Հիւսիսային Կովկասի ճանապարհներին“ անուանակարգ, ուր երրորդ տեղը գրաւած է Իննա Մխիթարեան:

Հայկ Պիանճեան

Առաջին տեղը գրաւած մասնակիցները ստացած են նիւթական պարգեւներ, իսկ մնացեալը յատուկ վկայականներ:

“Ֆոթովիզա“ փառատօնը կազմակերպած է “Ռոսիզօ“ թանգարանային ցուցադրութիւններու կեդրոնը “Ռուս ռեփորթէօր“ հրատարակութեան եւ www.photographer.ru. կայքին համագործակցութեամբ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button