
ՊՈՍԹԸՆ.- Ապրիլ 21-ին, Մասաչուսէցի նահանգային պալատին մէջ նշուեցաւ, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանի աշակերտները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա Պելմոնթի հայ աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ պատուելի Ժոզէֆ Կարապետեան կատարեց բացման աղօթքը: Խօսք առաւ օրուայ հանդիսավար Տէյվիտ Մուրատեանը, որ շեշտեց թէ այնքան ատեն որ մոռցուած է դարուս առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումը, պիտի շարունակուի պայքարն ու պահանջատիրութիւնը:
Մասաչուսէցի նահանգային պալատի խօսնակ Ռապըրթ Տըլիօ յայտնեց թէ, նահանգը երախտապարտ է հայորդիներու կատարած աշխատանքէն: ՝՝Խոստումը՝՝ (՝՝The Promise“) ժապաւէնին մասին անդրադառնալով, եւ օրինակներ մէջբերելով, ան շեշտեց թէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդին կրցաւ դիմադրել եւ շարունակ գործելով արձանագարեց շռնդալից յաջողութիւններ:
՝՝Մարդկայնութիւնը առաջնահերթութիւն մըն է, որ ամէն գնով պէտք է մոռացութեան մատնէ անմարդկային արարքները: Մեր այօրուայ հաւաքը նոյնինքն այս նպատակին համար է՝՝, ըսաւ Տըլիօ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ընդհանուր դատախազ Մաուրա Հիլի: Ընդհանուր ակնարկ մը կատարելոեվ, ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ան յայտնեց.- ՝՝Իբրեւ ընդհանուր դատախազ, շատ աւելի կը զգամ թէ ինչ ըսել է ուրանալ եւ ամէն գնով ծածկել ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութիւնը…՝՝:
Ծերակուտական Պրաունսպըրկըր իր կարգին խօսք առնելով դրուատեց շրջանէն ներս գաղութին կատարած աշխատանքն ու ներդրումը:
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի կազմակերպող խորհուրդը, յանձին Էնթընի Պարսամեանի, Ճիմ Գալուստեանի, Արա Նազարեանի եւ Լալիկ Մսըրեանի, յատուկ յայտարարութիւն մը յանձնեց Պոսթընի քաղաքապետ Րէյ Ֆլինի: Այս առթիւ, խորհուրդին անունով խօսք առաւ Պարսամեան, որ շրջանի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց:
Ներկայացուցիչ Ճոն Միսելի, որ ներկայացուց օրուան գեղարուեստական յայտագիրը, յայտնեց թէ.- ՝՝Մեծ մայրս միշտ ալ կ՛անդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Փոքր տարիքէս շատ բան տեղեակ էի՝՝:
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցան կիթարահար Ճոն Պապոյեան եւ երգչուհի Մարի Գալստեան:
Աւարտին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Անդրանիկ Պալճեան կատարեց փակման աղօթքը, որմէ ետք կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն: