Յօդուածներ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

      Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր
Շաբաթ, 15 Նոյեմբերի, երեկոյեան ժամը 5-ին, Հարիսա յի «Լիբանանի Տիրամայր» մայր եկեղցւոյ մէջ , համալիբանանեան մակարդակի` Գոհաբանական Սուրբ եւ Անմահ պատարագը, հանդիսապետութեամբ` Ն․Ա․Գ․Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետ, առ ի երախտապարտութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտին քաղաքի առաջնորդ` Արհ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի` 19 Հոկտեմբերին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի շրջափակին մէջ` Լեւոն ԺԴ. Պապի կողմէ Սուրբ հռչակուելու կապակցութեամբ։
Սոյն հոգեպարար արարողութեան նախաշեմին` ցանկալի էր, որ Սուրբին հոգեւոր ապրումներն ու հաւատարմութիւնը ապացուցող վաւերագիր մը հրապարակէինք` պարզելու թէ ինչպիսի՞ն էր անոր հոգեկերտուածքը եւ ի զուր չէր, որ ան հասաւ Սրբութեան եւ այժմ կը բարեխօսէ մեզի համար։
Սոյն նամակը կը հրապարակենք առանց յապաւումի`
Մարտին. 14 Յունիս 1914
 Ամենասիրելի Գերապայծառ հայրիկս
Որդիական անկեղծ սրտիս մեծ ցաւ պատճառեց լուրը Ձեր անհանգստութեան, եւ ամէն օր Սուրբ պատարագին անարժանաբար կը յիշեմ զՁեզ եւ ջերմագինս կ’աղօթեմ, որ շնորհէ սիրելի հայրիկիդ բարձրեալը` քաջառողջութիւն եւ հանգստութիւն, նոյնպէս եւ վարժարանի մանկիկներուն իմ գաղտնի դիտաւորութիւնս ամէն օր երեք Ողջոյն աղօթել կու տամ, եւ կը յուսամ, որ ի մօտոյ կը լսեմ ցանկալի լուրը` նա թէ մեծ աւետիսը Ձեր կատարեալ առողջութեան։
  Շատ մեծ յոյս ունիմ, որ 
Նոյեմբերի վերջերը ճամբորդութիւն մ’ընեմ դէպ յԵգիպտոս, ձմեռը հոն անցնելու համար։ Որովհետեւ անցեալ ձմեռը չափազանց նեղուեցայ յօդացաւի պատճառաւ, եւ ցայժմ կը շարունակէ։ Ուստի եւ անպատճառ ձմեռը տաք տեղ մ’անցնելու պիտի խորհիմ։
   Այս առթիւ հաճոյքը պիտի վայելեմ սիրելի հայրիկդ մէյ մ’ալ տեսնելու։
   Վիճակս որչափ դառն է` մխիթարութիւնս ալ շատ մեծ է ի հոգեւորս, հոգեւոր կրթութիւններ տալով եւ հրահանգել տալով այս բարի ժողովուրդը ի սէրն Քրիստոսի։
   Մի մոռնաք զիս Ձեր Աստուածահաճոյ աղօթքներուդ մէջ, որուն շատ կարօտ եմ, եւ որուն ցանկալի արդիւնքը տեսած եմ պզտիկուց ի վեր։
   Ողջագուրելով զսիրելի հայրիկդ խանդակաթ սիրով` մնամ ի հաւաստին Որդիական անկեղծ յարգանաց եւ համակրանաց
     
        Գերապայծառ հայրութեանդ
   Անձկալից որդի 
   Իգնատիոս Վրդ.Մալոյեան 
 Արքեպիսկոպոս Մամպտոյ
  Սոյն տողերը ցոյց կու տան Սուրբին համեստութիւնը եւ անմիջական կապը Աստուծոյ հետ։
   Այժմ մեզի կը մնայ հետեւութիւն կատարել, թէ ո՞վ էր Սուրբը, ինչպիսի՞ վարքագիծի տէր անձնաւորութիւն էր եւ իր հօտին ինչպիսի՞ հոգածութիւն կը ցուցաբերէր եւ հոգեւոր սնունդ կը փոխանցէր։
Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button