Լրահոս

Պոսթըն․- Հայկական Ժառանգութեան Այգիին Քանդակը Վերաձեւաւորուեցաւ

ՊՈՍԹԸՆ — Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին, Հայկական ժառանգութեան այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Վերացական Քանդակի տարեկան վերաձեւաւորումը։

Պողպատէ եւ ալիւմինիումէ պատրաստուած քանդակի երկու կէսերը, որոնք միասին կը կազմեն բաժնուած երկրաչափական կառոյցը, իրարմէ հեռացուեցան եւ վերադասաւորուեցան՝ ստեղծելու համար քանդակային նոր ձեւ մը, որ կը խորհրդանշէ նոր կեանք մը։

Նախորդ տարիներուն նման, վերաձեւաւորումը կը վերահսկուէր A&A Industries ընկերութեան ներկայացուցիչներ՝ Օրելեան եւ Կերի Մարտիրոսներուն կողմէ։ Ընկերութիւնը պատրաստած էր քանդակը՝ իբրեւ ձօն։ Աշխատանքին մասնակցեցաւ նաեւ ժառանգութեան այգիին խնամքի եւ պահպանման խումբի անդամ Ուիլիըմ Մարթինը, ինչպէս նաեւ Brodmerkle Machinery Movers ընկերութիւնը եւ Այգիին ճարտարապետն ու ձեւաւորողը՝ Տանըլտ Ճ. Թելալեանը։

Advertisement Donate Today

Վերացական Քանդակը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած բոլոր ցեղասպանութիւններուն զոհերուն յիշատակին։

Ամէն տարի կատարուող վերաձեւաւորումը կը ծառայէ իբրեւ շարունակական յիշեցում՝ տոկունութեան, վերանորոգման եւ այն մարդոց ուղեւորութեան մասին, որոնք հեռացան իրենց հայրենի երկիրներէն կամ ստիպուեցան լքել զանոնք եւ հասան Մասաչուսէցի ափերը՝ հոն հաստատուելով նոր ու տարբեր պայմաններու մէջ։

Թելալեանի մտայղացումով ստեղծուած այս քանդակը նախատեսուած է իբրեւ հանրային արուեստի շարունակաբար զարգացող գործ մը։ Քառորդ դարու ընթացքին անիկա պիտի ստանայ երկրաչափական 25 տարբեր ձեւեր, որմէ ետք ձեւերու շարքը դարձեալ պիտի կրկնուի։

«Քանդակին վերաձեւաւորումը կ՚արտացոլացնէ այն մնայուն գաղափարը, որ հայկական ժառանգութեան այգիին հիմքը կը կազմէ. ինքնութեան ամուր զգացումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ ընդունելու նոր կարելիութիւններ՝ միաժամանակ հաւատարիմ մնալով մեր ծագումին։ Այս պատգամը կը գերազանցէ հայկական համայնքին սահմանները եւ բոլորիս կը յիշեցնէ, թէ ապագան կը կերտուի այն արժէքներուն եւ ժառանգութեան միջոցաւ, զորս կը փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն», ըսաւ Հայկական Ժառանգութեան Հիմնադրամի զարգացման եւ ծրագրերու տնօրէն Վահան Տիլանեանը։

Քանդակին տարեկան վերաձեւաւորումը առատաձեռնօրէն կը հովանաւորուի Չարլզ եւ Տորին Պիլեզիկեաններու անուանակիր հիմնադրամին կողմէ։

Այս այգին հայ-ամերիկեան համայնքին նուէրն է Մասաչուսէց նահանգի ժողովուրդին եւ Պոսթընի քաղաքին։ Հայկական Ժառանգութեան Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Այգին իր ճարտարապետական յօրինուածքով եւ հանրային ծրագիրներով բոլորը կը հրաւիրէ հանդիպելու եւ միասնաբար գտնուելու հասարակաց տարածքի մը մէջ՝ յարգելու, յիշատակելու եւ տօնելու այն արժէքները։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button