ԱրտերկիրՅօդուածներ

ՀԱՅԵՐԸ ՂԸՆԵՄԻԷԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ղընեմիէ ընդհանուր տեսարան
Ղընեմիէ ընդհանուր տեսարան

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յատուկ «Հայրենիք»ին համար պատրաստուած, յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:
Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատնութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:

Ղընեմիէ (արաբերէն՝ الغنيمية) գիւղը կը գտնուի Հալէպ-Լաթաքիա ճամբուն 140-րդ քլմ.-ին վրայ, մայր ճամբէն մօտաւորապէս 6 քլմ. դէպի ներս, Լաթաքիայէն 45 քլմ. առաջ: Ղընեմիէն մաս կը կազմէ Լաթաքիոյ նահանգին, փռուած է կանաչապատ լեռներու մէջ, բլուրներու վրայ. հողը՝ կիսաժայռոտ: Կլիման, ամառը տաք, բայց խոնաւ, ձմեռը՝ ցուրտ եւ անձրեւոտ: Կը գտնուի ծովու մակերէսէն 750 մեթր բարձրութեան վրայ:
Ղընեմիէն լեռնային գեղատեսիլ ջրարատ շրջանով գիւղ մըն է: Ունի բազմաթիւ ակեր եւ ջրվէժներ, որոնցմէ կարելի է նշել՝ Եօթնաղբիւրը, Ս. Ուրբաթը եւ Խենթ աղբիւրը:Ղընեմիէ Ընդհանուր տեսարան1

Շրջանը ծածկուած է ծառերով եւ մացառներով: Հիմնական բերքն է՝ խնձորը, թուզը, նուռը, ձիթապտուղը, ընկոյզը եւ ծխախոտը, ինչպէս նաեւ սիսեռ, գառի եւ արմտիք:
Վայրի կենդանիներէն կրնանք նշել աղուէսը, խոզը եւ շնագայլը:
Գիւղին մօտ կը գտնուի քարայր մը, որ կը կոչուի «Կաթի քարայր»: Այնտեղ կը գտնուին կրաքարէ սիւներ: Քարայրը ընդունուած է իբրեւ ամուլ կիներու ուխտատեղի: Բեղեմնաւորման յոյսով՝ հոն կը բերուին ոչխարի եւ կովու գանկեր:
Հայերը հոս հաստատուած են Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, 1375-ին, երբ անտառային այս շրջանը դեռ բոլորովին անմարդաբնակ էր: Առաջին հաստատուած ընտանիքներէն են՝ Արապաշեան, Գլըճեան, Սարուխեան, Շահպազ եւ Ռաշիտ (հաւանաբար՝ Ռշտունի): Կ’ենթադրուի, որ ասոնց մէկ մասը եկած է Սուէտիայէն, Մարաշէն եւ Ուրֆայէն: Հետագային, Մուսա լեռէն եւ Զէյթունէն այլ ընտանիքներ տեղաւորուած են Ղընեմիէ:
Առաջին հասնողները նախ բնակած են քարայրի մը մէջ եւ զբաղած՝ շերամապահութեամբ: Ապա, մօտակայ Մրէճ գիւղին աղայէն արտօնութիւն ստացած են տուն շինելու եւ հաստատուելու:
Ղընեմիէի անուան շուրջ երկու տարբեր պատմութիւններ գոյութիւն ունին: Ըստ տարեց գիւղացիներու, ան եկած է «Ղաննամէ» (արբերէն՝ հովիւ) բառին հնչիւնափոխութենէն: Իսկ երկրորդը՝ կը պատմեն, թէ ժամանակին մօտակայ պատմական Արամօ հայաբնակ գիւղէն երիտասարդ մը ամուսնացած է ղընեմիէցի աղջկայ մը հետ: Եւ ամէն անգամ, որ իրեն կը հարցնէին՝ «Ո՞ւր կ’երթաս», կը պատասխանէր՝ «Խնամիին»: Այսպէս արամոցիները խնամի բառը հնչիւնափոխելով գիւղը կոչած են Ղընեմիէ:

Ղընեմիէ Երիցատունը
Ղընեմիէ Երիցատունը

Ղընեմիէցիները զբաղած են արհեստներով: Անոնք եղած են՝ երկաթագործ, կլայեկ, զինագործ, կօշկակար եւ այլն. ինչ որ Ղընեմիէն դարձուցած է շրջանին գիւղերուն կեդրոնը եւ կոչուած է «Մինա ճեպէլ Քրատ», այսինքն՝ Քրատ լեռներու նաւահանգիստը:
1911-ին գիւղը ունեցած է 392 հայ բնակիչ (72 տուն): Բնակչութիւնը առաքելական համայնքի կը պատկանի:
1915-ի տեղահանութեան, գիւղացիները հեռացած են, գաղթելով դէպի հարաւային Սուրիոյ ապահով շրջանները: Բայց երկու տարի ետք, երբ անոնք վերադարձած են գիւղ, գիւղին պատմական եկեղեցին գտած են կիսաքանդ վիճակի մէջ:
1930-1940 թուականներուն Ղընեմիէ հասած են բողոքական քարոզիչներ, որոնք պատճառ դարձած են գիւղացիներուն միջեւ դաւանանքային ամուլ վէճերու եւ անհասկացողութեանց յառաջացման: Գիւղը ունի միայն մէկ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին:

 Ս.Գէորգ եկեղեցին եւ Երեցատունը ահաբեկիչներու կողմէ քանդուած

Ս.Գէորգ եկեղեցին եւ Երեցատունը ահաբեկիչներու կողմէ քանդուած

1941-ին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը (Ս.Օ.Խ.) իր սեփական միջոցներով Ղընեմիէ գիւղին մէջ կը հիմնէ Ս.Օ.Խ.-ի վարժարանը, որուն ուսուցչուհիները կ’ապահովուին Լաթաքիոյ մասնաճիւղին կողմէ: Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, որ այս աշխատանքը, փրկած է գիւղի բնակիչները օտարանալէ, քանի որ բնակիչներուն մեծ թիւով բաժին մը միսիոնարներու զոհը դարձած եւ արաբացած էին:
Հայկական նախակրթարանը կը գործէ մինչեւ 1960: Անկէ ետք, ամէն ամառ Հալէպէն յատուկ ուսուցիչներ կ’ուղարկուին փոքրիկներուն հայերէն սորվեցնելու համար, որովհետեւ անոնք կը յաճախէին գիւղին մօտակայ պետական դպրոցը: Կազմակերպուած են հայերէնի կիրակնօրեայ դասընթացներ:
Ղընեմիէն ունեցած է իր յատուկ բարբառը, որ յար եւ նման էր Քեսապի բարբառին: Բայց, դժբախտաբար, հիմա արդէն գործածողներ չկան:
Ղընեմիէի հայութիւնը տակաւին կը պահէ իր գիւղական տոհմիկ բարքերը եւ յատուկ սովորութիւնները: Ամուսնութեանց 3 օր ու գիշեր տհոլ-զուռնայով քէֆը, ղընայի գիշերը եւ իւրայատուկ ճաշերը պահպանուած են մինչեւ այսօր: Խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը շատ քիչ է: Անոնք զտարիւն հայեր են, որոնք հայկական լեռներուն պէս ունին խրոխտ նկարագիր: Կառչած են Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, ազգային արժէքներուն եւ իրենց տոհմիկ սովորութիւններուն: Ականատեսի վկայութեամբ, կրնանք ըսել որ իրենց հետ շփում ունենալէ ետք է, որ միայն կը զգաք, թէ հոգիով, սրտով, բայց մանաւանդ պատկանելիութեան զգացումով որքան զօրաւոր հայեր են անոնք:

Ս.Գէորգ եկեղեցին սրբապղծուած
Ս.Գէորգ եկեղեցին…

Ձմրան եղանակին գիւղը գրեթէ կը պարպուի եւ տարիքաւորներ, պարտիզպաններ եւ քանի մը հողին ամուր փարած «խենթեր» կը պահեն անոր գոյութիւնը: Ամրան` Լաթաքիա, Հալէպ կամ Պէյրութ գործով մեկնողները, կը վերադառնան իրենց ընտանիքներով, վերակենդանացնելով գիւղին կեանքը:
Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած վիճակագրութեան մը համաձայն, գիւղը 1987-ի տուեալներուն 40-45 հայ ընտանիք ունեցած է, իսկ 2003-ին՝ բնիկ 30 ընտանիք, նոյնքան՝ գաղթած Լաթաքիա, որոնք ամառը կը վերադառնան գիւղ: Անոնք ընդհանրապէս արաբախօս են: Իսկ Հալէպէն մօտ 60 ընտանիք գիւղին մէջ ունին իրենց սեփական հողերը կամ ամառանոց տուները:
Դարերով շարունակ հայաբնակ Ղընեմիէի Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցին կառուցուած է 1875-ին` գիւղի ժողովուրդին կողմէ: Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875-ը նորոգութեան թուական եղած է, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն ունեցած է:
1959-ին, օրուայ առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեանի նախաձեռնութեամբ, ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը: Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը` 31 յուլիս 1960-ին, ձեռամբ` Ղեւոնդ Արք. Չէրէյեանի:
1997-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ վերանորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը: Հոն միայն ամրան կը մնայ հերթականօրէն Հալէպէն եկած քահանայ մը:
Ամէն տարի, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի հանդիպակաց կիրակին, ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուի դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցի` իւրաքանչիւր սեպտեմբերի առաջին կիրակին կը նշուի Ս. Գէորգի ուխտի օրը եւ տեղի կ’ունենայ մատաղօրհնէք: Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը եւ Ազգային Իշխանութիւնը, եւ վերջինին ցուցմունքներով, Բերիոյ Թեմի բոլոր շրջաններու հաւատացեալներ դէպի Ղընեմիէ ուխտագնացութեան ներկայ կ’ըլլան:

Advertisement Subscribe Today
Ս.Գէորգ եկեղեցին սրբապղծուած
… սրբապղծուած

1991-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած է «Ս. Գէորգ» սրահը, որ կը ծառայէ նոր սերունդին իբրեւ հաւաքաւայր: Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գտնուի նաեւ համայնքի գերեզմանատունը:
Համայնքը կը ղեկավարուի թաղական խորհուրդով:
Բերիոյ Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը, հինէն ի վեր, մասնաւոր գուրգուրանքի եւ հոգածութեան առարկայ դարձուցած է Ղընեմիէն եւ անոր բնակչութիւնը՝ անոնց կրօնական, ազգային եւ կրթական կարիքներուն հասնելու մտադրութեամբ, այդ պատճառով ալ շրջանին մէջ հաստատած է ուխտատեղի: Բայց, վերջին տարիներու ընթացքին, շրջանի ազգապահպանման համար տարուած աշխատանքները, նիւթաբարոյական զոհողութիւնները եւ թափուած ջանքերը կրկնապատկուած են:
Ազգային Իշխանութեան քաջալերանքով, Ղընեմիէի մէջ կառուցուած է Երիցատուն մը՝ ամրան ընթացքին հոգեւոր հովիւի մը ընդունման համար:
Ոսումնական Խորհուրդը հայ լեզուի դասընթացք հաստատած է Ղընեմիէի նոր սերունդին համար: Ամրան արձակուրդին, Հալէպէն ուսուցիչներ ղրկուած է ղընեմիէցի փոքրիկներուն հայերէն դասաւանդելու համար: Այս առաքելութիւնը, վստահուած է դպրութեան հաւատացող նուիրեալներու, զոր խղճմտօրէն կատարած են իրենց վստահուած գործը:
Ամառնային դպրոցը ընդհանրապէս ունեցած է 35-40 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք բոլորն ալ գիւղին զաւակներն են եւ ունին 4-15-ի միջեւ տարուբերող տարիք: Աշակերտութիւնը, որ ըստ տարիքի բաժնուած է երեք խումբերու, անոնց դասաւանդուած է Մայրենի լեզու, Ազգային պատմութիւն, հայ երգի եւ երաժշտութեան ուսուցում, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ եւ գծագրութիւն եւ այլն: Իսկ իւրաքանչիւր չորեքշաբթի յատկացուած էր կրօնաբարոյական դաստիարակութեան, նկատի ունենալով Կիրակնօրեայ դպրոցներու ծրագիրը, ուսուցանելով Սաղմոսներ, Աղօթքներ, առակներ եւ դաստիարակչական հեքիաթներ: Անշուշտ կրօնաբարոյական այս ուսուցումները կը փոխանցեն ամրան հերթականօրէն Հալէպէն, Ղընեմիէ եկած քահանաները:
Յայտնենք, թէ Սուրիահայ երիտասարդական միութիւնն (ՍԵՄ) ու Պատանեկան միութիւնը (ՊՄ) Ղընեմիէի գագաթը ունին միատեղ սեփական բանակավայր մը, ամէն տարուան ամրան եղանակին մօտ մէկ ամիս հերթաբար՝ քանի մը հանգրուանով բանակումներ տեղի կ’ունենան: Բանակումները գիւղի բնակիչներուն յաւելեալ եռանդ, խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն կը մատակարարեն:
Սուրիոյ հայկական բնակավայրերէն մէկը հանդիսացող Ղընեմիէի բնակչութիւնը վերջին տարիներուն՝ պատերազմէն առաջ, իրենց գոյութեան պայքարը կը մղէին արտագաղթին, արաբականացումին եւ վերջապէս պարտիզպանական անհատնում դժուարութիւններուն դէմ:
Հետազօտական մեր աշխատանքի իբրեւ արդիւնք կարելի է թուել Ղընեմիէի հայ գերդաստաններէն հետեւեալները. Սարգօ, Արէճեան, Հանունիկ, Սըղման (Սողոմոնեան), Ճապպուր, Գարգուր (Գրիգորեան), Ֆարահ, Եագուպեան, Խաչօ, Գըրգար եւ այլն:
2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակին մէջ առաջիններէն եղան ղընեմիէցիները, որ վնասուեցան: Այդտեղ զինեալ խմբաւորումներու եւ սուրիական զօրքի փախումներու կեդրոն դարձաւ: Սուրիական բանակը ռազմական գործողութիւններ կատարեց թէ՛ օդէն, թէ՛ ցամաքէն:

Իպրահիմ Արեճանի սրճարանը
Իպրահիմ Արեճանի սրճարանը

Զինեալները Ղընեմիէի մէջ միայն քանդում ու տեղահանութիւն պատճառած են: Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները գիւղը վերածած են իրենց հրամանատարական կեդրոնին: Գիւղը‚ որուն տուները քարերէ շինուած են եւ ժայռափոր են‚ զինեալ խմբաւորումներուն շրջանէն վտարուելէն առաջ վերածուած էր թրքական գաղտնի սպասարկութեանց կեդրոնի‚ որ կը գտնուէր իրենց գլխաւոր կեդրոնին՝ Սալմա բնակավայրի թիկունքին:
Ղընեմիէի հայերը ճակատումի տարբեր շրջաններէ համեմատաբար աւելի ապահով հայահոծ վայրեր ապաստանեցան: Ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառներով տարբեր տարողութեամբ վնաս կրեց Ս. Գէորգ եկեղեցին, «Ս. Գէորգ» սրահը, Երիցատունը, ՍԵՄ-ի եւ ՊՄ բանակավայրերն ու գիւղացիներու կալուածները:
Գիւղին մէջ տիրող վիճակը մեծ վնաս հասցուց Ղընեմիէի հայութեան, համայնքը ունեցաւ լուրջ խնդիրներ եւ յետոյ գիւղը հայաթափուեցաւ:
Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու Ղընեմիէ ներխուժումէն քանի մը տարի ետք սուրիական բանակը սկսաւ Լաթաքիոյ շրջակայքը զինուորական ծանր գործողութիւններ իրագործել ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:
Արդարեւ, Յունուար 21, 2016-ին, սուրիական բանակը ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առաւ հայաթափուած Ղընեմիէ գիւղը, որմէ ետք ղընեմէահայեր կը վերադառնան իրենց բնօրրանը եւ կը փորձեն վերականգնել թալանուած իրենց տուներն ու հողերը:
Ժապհաթ Նուսրա զինեալ ահաբեկչական ջոկատի անդամները Ղընեմիէի հայկական եկեղեցին ենթարկած են դիտաւորեալ քանդումի: Քանդած եւ պղծած են նաեւ գերեզմանները:
Ղընեմիէի բնակիչները արդէն սկսան վերականգնել իրենց գիւղը, եկեղեցին, սրահը եւ բնակարանները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button