Լրահոս

Հայաստան Հիմնադրամը 70 Հազար Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրեց Սուրիահայերուն

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յանձնեց շուրջ 70 հազար տոլար, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայրենակիցներուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոնց ունեցած ծանր առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով: Այս մասին յայտնեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամէն:

Նուիրուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է՝  30 հազար տոլար Սուրիոյ մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու 502 ուսուցիչիներուն, ինչպէս նաեւ սպասարկող անձնակազմերու 42 անդամներու:

Ընդհանուր 40 հազար տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ բուժում ստացող հայրենակիցներուն: Նշենք, որ հանգանակուած գումարները յատկացուած են ««Քորոնա» Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք-արշաւէն գոյացած ֆոնտէն: «Հայապահպանման նուիրական իր առաքելութեան համահունչ` Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը մշտապէս մեր հայրենակիցների կողքին է», յայտնեց հիմնադրամը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button