ԳլխաւորԼրահոս

«Հայաստան» Դաշինքի Վարչապետի Թեկնածուն Ռոպերթ Քոչարեանն է

ԵՐԵՒԱՆ,- Երկուշաբթի 16 Մարտին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանդիսաւոր ձեռնարկը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետի թեկնածուն՝ Ռոպերթ Քոչարեանն է։

Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր այս հաւաքին։ Ելոյթներով հանդէս եկան՝ Հ․Յ․Դ, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, «Առաջ» կուսակցութեան նախագահ Սեւակ Խաչատրեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան եւ Հ․Հ․ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։

Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնաբար՝ «Հայաստան» դաշինքով, որուն միացած են «Առաջ» կուսակցութիւնը եւ բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ։

Իշխան Սաղաթէլեանի ելոյթը ընդմիջուեցաւ տեսաշարով, ուր ներկայացուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի անցած քաղաքական պայքարի ճանապարհը։

Քրիստինէ Վարդանեան խօսեցաւ երիտասարդութեան հետ կապուած դաշինքի ծրագիրներուն մասին՝ նշելով, որ այդ ծրագիրներուն մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ հանրապետութեան մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը անվճար դարձնելը։

Արթուր Խաչատրեան ներկայացուց «Հայաստան» դաշինքի տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական 12 ուղղութիւնները։

Advertisement Subscribe Today

Աննա Գրիգորեան յայտարարեց, որ «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածուն Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերթ Քոչարեանն է, որ բեմ բարձրանալով ըսաւ․ «Մենք վճռական ենք, մեր նպատակը յաղթանակն է։ Չարիքը, որ կը մարմնաւորէ այս իշխանութիւնը, պիտի պարտուի։ Ես անոնց դէմ պայքարի մէջ մտած եմ անոնց իշխանութեան գալու առաջին իսկ օրերէն եւ չեմ հանգստանար, մինչեւ որ անոնք չհեռացուին։ ․․․Բայց ասիկա բաւարար չէ։ Պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին անոնք, որոնք պատասխանատու են մեր հազարաւոր հերոսներու մահուան համար, որոնք յանձնեցին Արցախը եւ այսօր կը ստիպեն ժողովուրդը մոռնալ իր հերոսական պատմութիւնը»։

Նշենք, որ 2026 թուականի 7 Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքը պիտի մասնակցի «Միասին կարող ենք» կարգախօսով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button