ԳլխաւորՅօդուածներ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՄԻՏՔԻ ՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՀԻՄԵՐՈՒՆ ԱՄՐԱՑՈՒՄԸ ԱԶՆԻՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

 


Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
28 Մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակի մէջ իր բազմաթիւ իրագործումներով, ո՛չ միայն անջնջելի հետքեր թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժամանցելի պատգամներ ունի իրերայաջորդ սերունդներուս, այլ նաեւ կը հանդիսանայ հանգրուանային կամուրջ մը, որ իրարու կը կապէ մեր ազգային-քաղաքական զարթօնքի ժամակաշրջանն ու Ա. Հանրապետութեան յաջորդած փուլերը։
Մայիսեան Հանրապետութիւնը խորքին մէջ գումարն էր այն զարգացումներուն, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկսած են արձանագրուիլ Էջմիածինի պատմական ժողովով ու Իսրայէլ Օրիով, կտրած են 18-րդ ու 19-րդ դարու ճակատագրական հանգրուանները՝ Հայաստանի վրայ ռուսական ազդեցութեան սկզբնաւորումէն մինչեւ Սան Սթեֆանօ ու Պերլին, մինչեւ զինեալ պայքարի ձեւաւորում, կուսակցութեանց կազմաւորում եւ հերոսամարտեր, յանգելու համար Ցեղասպանութեան յաջորդած Սարդարապատին ու Բաշ Ապարանին, որոնք սեփական բազուկին վստահելով՝ ազգային պետութիւն կազմելու եւ պահպանելու պատգամը մարմնաւորեցին։ Այս իմաստով, Հայաստանի անկախ պետականութեան ծնունդը թագադրումն էր մօտաւորապէս երկուք ու կէս դարու հոլովոյթի մը եւ մեկնակէտը՝ նոր դարաշրջանի մը։
1918ի հանրապետութիւնը բիւրեղացուց ազգային շօշափելի արժէքներ՝ բանակ, պետական կառոյցներ ու հաստատութիւններ եւ դեռ՝ շատ ու շատ բաներ, իսկ 1919ին, արեմտահայոց ներկայացուցիչներուն խորհրդարան մուտքով, կենսական ու գործնական առաջին քայլը առնուեցաւ Միացեալ Հայաստանի արարման ճամբուն վրայ. Միացեալ Հայաստանի տեսլականը այդ օրերէն մեզի հասած գլխաւոր կտակներէն մէկն է, ու մենք լծուած ենք անոր կենսագործման։ Վկայ՝ Արցախի մէկ մեծ մասին սեփական բազուկներով Հայաստանի վերամիացումը…
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կամուրջի դերը կարելի է տեսնել մեր Դատի իրականացման ճամբուն առնուած այն քայլերուն մէջ, որոնք յաջորդեցին Հայաստանի խորհրդայնացման հանգրուանին, նախ՝ Ազգերու Լիկային ու միջազգային այլ բեմերու վրայ քաղաքական աշխատանքով, անոնց հիմամբ՝ Մ.Ա.Կ.-ի մակարդակին վրայ մեր Դատին հետապնդման վերականգնումով՝ 1965ի նախօրեակին ու անկէ ետք, մասնաւորաբար 70ական տարիներէն սկսեալ, ապա նաեւ հակաթուրք ուժական պայքարով, որուն նորագոյն արձագանգը եղաւ ու կը մնայ Արցախեան Ազատամարտը։ Եթէ Սարդարապատն ու 1918-ի Հայաստանին ստեղծումը մարմնաւորումն էին «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» խօսքին, տարբեր չէր, այսօր ալ տարբեր չէ խորքն ու իմաստը Արցախի մէջ մղուող ճակատումներուն ու ինքնապաշտպանական հերոսամարտերուն, որոնք չեն համապատասխաներ քաղաքական աշխարհի «տրամաբանական հաշիւներ»ուն, «մեծեր»ու կողմէ ինքնորոշում եւ սեփական ճակատագիրի տնօրինում հետապնդող ժողովուրդներուն պատրադրուող «տարազներուն», այլ ընդհակառակն, գործնապէս տակն ու վրայ կ’ընեն այդ հաշիւները, կը մարմնաւորեն «մենք չենք ուզեր ազատ կամքի բռնութիւն» երգի ոգին։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button