Յօդուածներ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20ԱՄԵԱԿ.-«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի »Համազգային«ի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ ծրագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան քսանամեակը տօնել, մշակութային զանազան ծրագրեր կազմակերպելով՝ Նիւ Եորքի (նաեւ Նիւ Ճըրզի), Ուաշինկթընի եւ Պոսթընի (նաեւ Փրովիտենս) մէջ, յառաջիկայ Մարտ 11էն 13:
Այս ձեռնարկները, պիտի վայելեն հովանաւորութիւնը՝ Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Պրն. Թաթուլ Մարգարեանի:

