Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճիի հետ, որ շեշտեց, թէ որեւէ միջանցք պէտք չէ Իրանը տարանջատէ տարանցիկ այլ ուղիներէ։

Իրանի դիւանագիտութեան պետը, ըստ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, ընդգծած է, որ «Թրամփի ուղի» կոչուած միջանցքը պէտք չէ շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութիւններու պատճառ դառնայ կամ կտրէ Իրանի կապը՝ հաղորդակցութեան այլ ուղիներէ, դիտել տալով, որ որեւէ որոշում եւ գործողութիւն պէտք է պահպանեն պետութիւններու ազգային ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը։

*

Հայեւամերիկեան միացեալ ռազմափորձը, որ կը կրէ «Արծիւ Գործընկեր – 2025» անունը, ընթացք առաւ բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Սպայակոյտի պետ զօրավար Եդուարդ Ասրեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ հրաւիրեալներ։

Advertisement Subscribe Today

Խաղաղապահ առաքելութեան հմտութիւններու ձեռքբերման նպատակով կայացող այս ռազմափորձերուն կը մասնակցին Հայաստանի բանակի խաղաղապահ գունդի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ցամաքային ուժերու եւ Քանսասի Ազգային Պահակագունդի զինուորներ։

*

Աշխարհահռչակ իրաւաբան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռապըրթ Ամսթերտամ, որ Հայաստան կը գտնուի, յայտարարեց, որ իր այցելութիւնը կապուած է արքեպիսկոպոսներու գործին, Հայ եկեղեցւոյ վրայ բանեցուող ճնշումներուն եւ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութեան։

Ամսթերտամ կառավարութեան կոչ ըրաւ՝ երկխօսութիւն սկսելու քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ գիտակցելու, որ եկեղեցին կ՛աջակցի ժողովուրդին, պետութեան եւ հասարակութեան։ «Դադրեցուցէք նման անընդունելի վարքագիծի դրսեւորումը», շեշտեց ան՝ իր խօսքը ուղղելով Երեւանի իշխանութիւններուն։

Ամսթերտամ նշեց ապացոյցներու լիակատար բացակայութիւնը՝ աւելցնելով, որ դժուար է նոյնիսկ հասկնալ եկեղեցւոյ բարերարին դէմ ուղղուած մեղադրանքներուն էութիւնը։ «Ես  երբեք ոչ մէկ երկրի մէջ նման ամօթալի երեւոյթ տեսած եմ, երբ այս տարիքի մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են երկրին եւ ոչ մէկ յանցանք գործած են անցեալին, մեղադրուին եւ ձերբակալուին», յայտարարեց ան։

*

Երեւանի Նուպարաշէնի շրջանի աղբավայրը քաոսային վիճակ մը կը պարզէ եւ կենսոլորտային ահաւոր վտանգ կը ներկայացնէ շրջակայքը ապրող երեւանցիներուն համար, որոնց թելադրուած է դիմակներ կրել։

Խնդիրը կը վերաբերի հրդեհներու, որոնք կը ծագին աղբավայրին մէջ, ուր կուտակուած աղբը մինչեւ 75 տարուան պատմութիւն ունի։ Ըստ Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական Կամօ Արէյեանի, խնդիրը պէտք է հիմնական լուծում ստանայ՝ աղբամշակման գործարանի կառուցմամբ։ Մինչդեռ քաղաքապետարանի համապատասխան կառոյցները ծագած հրդեհները մարել ջանալով, կը փորձեն պարտկել խնդիրը՝ կենսոլորտային այս ահաւոր խնդիրը եւս իրենց քաղաքական նպատակներուն ծառայեցնելով եւ հանրութիւնը մոլորեցնելով։

*

Հայաստանի մէջ ամուսնալուծումները աճ արձանագրած են։ Ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին իւրաքանչիւր հազար ամուսնութեան դիմաց  368 ամուսնալուծում արձանագրուած է։ Անցեալ տարի նոյն ժամանակահատուածին իւրաքանչիւր հազար ամուսնութեան դիմաց 294  ամուսնալուծում արձանագրուած էր։

Ըստ Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն, Յունուարէն մինչեւ Յունիս արձանագրուած է 6388 ամուսնութիւն եւ 2352 ամուսնալուծումներ, որոնց պարագային առաջին դիրքը գրաւած է Երեւանը, ապա՝ Կոտայքի, Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button