Յօդուածներ

Հայազգի Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը` Եօթը Սրբադասուածներուն Կեդրոնը Գրաւեց

Սօսէ Փիլաւճեան 
 Զմմառ – Լիբանան
Վատիկանի մէջ, Հայազգի Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը` եօթը Սրբադասուածներուն մէջէն կեդրոնական տեղը զբաղեցուց։
Այս մէկը ունի իր տրամաբանական մեկնութիւնը, արդարեւ ինք միակն է, որ յանուն Քրիստոսի իր անմեղ արիւնը թափեց` պարզ այն պատճառով, որ առաջ Քրիստոնեայ ազգի ծոցեն ծնած էր եւ այնքան մեծ կապուածութիւն ունէր իր հաւատքին եւ ազգութեանը։
Սրբութեան ամենաառաջնահերթ պայմանը մարտիրոսութիւնն է։
Մալոյեան դոյզն անգամ չվարանեցաւ Քրիստոսը գերադասել իր անձին։ Ան խիզախ եւ յանդուգն ասպետի կեցուածք ցուցաբերելով մերժեց կրօնափոխութիւնը եւ դարձաւ հաւատքի ախոյեան։
Ահա թէ ինչու ներկայացուած Սուրբերու ցուցակին մէջէն` զինք ընտրեցին գրաւելու կեդրոնը։
Ան 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, պաշտօնապէս պիտի խոյանայ դէպի երկինք եւ իր սլացքով պիտի փառաւորուի Տիրոջ Աջակողմը իր հետ վերընձիւղելով իր այնքան սիրած եւ փայփայած ազգը։ Քանզի համայն ազգս հայոց ի սկզբանէ` այն օրէն, երբ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն դաւանեցաւ` ամբողջովին պատրաստակամ էր ազգովին Քրիստոսի սիրոյն նահատակուելու, այդպէս ալ եղաւ Աւարայրի ճակատամարտին`ուր համազգային պայքար էր, որ մղեց ազգը։
Նոյնը պատահեցաւ 1918 Մայիս 28-ին, յորժամ համայն ազգը արժանապատուութեան գոյապայքար մղեց։ Միեւնոյն ողբերգական պատմութիւնը կատարուեցաւ Մալոյեանական քարաւանի զոհերուն հետ, ուր Մալոյեանն ու իր 14 անզուգական Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանները եւ 417 աննման հօտը` համընդհանուր մահուան ընդառաջ երթալով` նահատակութեան դափնեպսակին արժանացան`
պահելով իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը։
Օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք յանուն հաւատի եւ հայրենեաց կը զոհուին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button