
Ազերի նախայարձակ խուլիկաններ հետզհետէ կը կրկնեն իրենց արարքները, ներխուժելով հայրենի սահմանամերձ տարածաշրջաններ եւ անշուշտ առանց որեւէ հողի կոյտ մըն իսկ գրաւելու` կը վերադառնան գլխիկոր, ձեռնունայն, մերթ զոհեր արձանագրելով:
Այս յաճախական յարձակումները զուգադիպեցան Հայոց Ազգային Բանակի վերականգման օրերուն: …Եւ այս տարի, Յունուար 28-ին հայ ժողովուրդը տօնեց իր Ազգային Բանակին վերականգնման 22-ամեակը:
Տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանի խիզախ դիմադրութիւնն ու մինչեւ արեան վերջին կաթիլ պայքարելու կամքը կը փաստեն թէ, որքա՜ն կազմ ու պատրաստ է հայրենի բանակայինը, պաշտպանելու իր սուրբ հողը: Արմէն եւ անոր նման հերոսներ աւիշն են այն մարտունակութեան, որ ծնունդ առած է պատմութիւն կերտած, հայոց ազատագրական եւ ազգային գաղափարական բիւրեղացումէն:
Նահատակուած տասնապետին նման սխրանք, ուղղակիօրէն եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ ժխտական պատասխան մըն է:
Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանական Համայնք հասարակական միաւորման նախագահ Պայրամ Սաֆարովի այն յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի դրօշը պիտի ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Ընդհակառակը, նման դիմադրական կեցուածք, ռազմական ճակատի վրայ, յար եւ նման այն պատասխանն է որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Պապայեան կատարեց, նշելով թէ Ատրպէյճանի դրօշը կրնայ ծածանիլ Արցախի մէջ, միայն ու միայն անոր դեսպանատան տանիքէն…Շուշիի կամ Ստեփանակերտի մէջ, ուրտեղ որ նպատակայարմար է:
Եւ դեռ աւելին, հայոց ազգային բանակը կրնայ նաեւ բառ առ բառ գործադրել Դաւիթ Պապայեանի եզրափակումը, որն էր.- “Պատերազմի դէպքում եռագոյնը կը յայտնուի Պաքւում` նախագահի նստավայրի վերեւում եւ բոլոր կարեւոր հաստատութիւնների գլխավերեւում: Իսկ անձամբ Պայրամին, եթէ պատերազմ սկսելու յոյս ունի, խորհուրդ եմ տալիս սկսել հայերէն սովորել“:
Այսպէս, Հայոց Ազգային Բանակը վեր կը մնայ քաղաքական թէ գաղափարական ամէն կարգի ներքին վէճերէն: Եւ ազգային ներքին ճակատը միաձոյլ պահելով, կը պայքարի յաչս արտաքին – թէ՛ ազերի եւ թէ՛ թրքական – սպառնալիքները դիմագրաւելու համար:
Որքան նախայարձակ թափանցումներ կատարուին, այնքան պիտի կրկնուին հայրենի ազգային բանակին պատրաստակամութիւնն ու դիւցազնութիւնը:
Հուսկ, հայրենակերտ ու …մարտունակ բանակին տօնը կը նշուի ամէն օր, ամէն վայրկեան, երկվայրկեան…եւ ակնթարթ: