Շաբաթ օր, Oգոստոս 8, 2009-ին, Երեւանի մէջ աւարտեցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերը, որոնք եօթը օրեր շարունակ 550 մարզիկներ, պատասխանատուներ եւ ծնողներ համախմբուեցան Հայաստանի մէջ: Մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը տեղի ունեցաւ կողովագնդակի «Տինամօ» մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչին, հայրենի հիւրերու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուներու:

