
Աշխարհի զանազան գաղթօճախներէն ժամանած, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին սիրտն ու ուղեղը կազմող սկաուտական շարժումին ժամադրավայրն է հայրենի հողը՝ Բիւրականի բանակավայրը:
Միշտ պատրա’ստ, արի’ եւ վեհանձն, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրները անգամ մը եւս ժամանած են հարիւրներով, աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ ծառայելու հայրենիքին:
Ոչ թէ միայն իրենց պատկանած միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, այլ նաեւ համասփիւռ հայութիւնն ու հայրենիքն ունի ակնկալութիւններ՝ յարգանք ու պատիւ պարտադրող միշտ պատրաս°տ երիտասարդական փաղանգէն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ ժամանած են, անցեալէն ներշնչուած, դարբնելու եւ կերտելու փայլուն, խրոխտ ու աննահանջ ապագայ մը: Ի վերջոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման կարգապահութիւն պարտադրող կազմակերպութիւն մը, որ հասած է բարձրագագաթ աստիճաններու, դժուար թէ տեղի տայ, որքա¯ն եւ ինչքա¯ն որ ըլլան իրեն սպառնացող վտանգներն ու մտահոգութիւնները:
Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար յստակ է թէ աշխարհի ապառնին՝ երիտասարդութիւնը, առանց կարգապահութեան ոչ մէկ արժէք չի ներկայացներ: Հետեւաբար, առանց կարգապահութեան կարելի չէ կերտել, դաստիարակել եւ թրծել երիտասարդութիւն:
Քաջատեղեակ ըլլալով իր սուրբ պարտականութեան, արի ու վեհանձն հայորդի կերտելու, բարիք մը գործելու այդ բերկրանքին… Հ.Մ.Ը.Մ.ական փողկապակիրը մեծ հաւատքով ու ակնկալութեամբ ժամանած է Հայաստան:
Ան ժամանած է իր աննահանջելի կարգապահութեամբ եւ բծախնդրութեամբ հմայելու եւ ներգրաւելու…
Նաեւ, իր նախանձելի պատրաստութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ առինքնելու եւ խանդավառելու…
Միշտ ալ անսեթեւեթ վեհանձնութեամբ եւ մաքրամաքրութեամբ տպաւորելու եւ գերտպաւորելու…
Եւ անշուշտ իւրայատուկ Հ.Մ.Ը.Մ.ական տիպար կրթութեամբ բարձրանալու եւ բարձրացնելու…
Աւելի բարձր, հոգեպէս նոյնքան բարձր ու վիթխարի, որքա¯ն իր կողքին գտնուող Արարատը:
«Հայրենիք»
Օգոստոս 4, 2010