Լրահոս
ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՅԺ ԵՌՈՒԶԵՌՈՎ ԱՄԻՍՆԵՐ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական ընտանիքը աշխոյժ եռուզեռի մէջ է։ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական, քարոզչական, կազմակերպչական եւ ընկերային բնոյթի հինգ մեծ ձեռնարկներուն։

