Լրահոս
ՀԱՄԱ-Հ.Մ.ԸՄ.-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Չորեքշաբթի, 20 Յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Տրդատ Բ.» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի։


