Գլխաւոր

ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ` ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

can museum  Հայաստանի պետական ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ Նոյեմբեր 7-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան, Գանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ համաձայնագրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագրեր ու արխիւային փաստագրրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու: Համաձայնագրի ստորագրութեան ներկայ պիտի ըլլայ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան: 

Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button