

մասնակցող երիտասարդ սերունդը:

Ներկայ մը
Նիւ Եորքի Համազգայինի 35րդ տարեկան “Գրական Գոհարներ եւ Գինի“ կոչուած մտերմիկ ու արտասովոր երեկոն տեղի ունեցաւ ուրբաթ Ապրիլ 11-ի երեկոյեան, Քուինզի Հայ Կեդրոնին մէջ: Սրահը լեցուած էր մասնակցողներու ընտանեկան պարագաներով եւ գրականութիւն սիրողներով:
Գրական Յանձնախումբի ճիգերով, Սփիւռքի զանազան շրջաններէն մէկտեղուած, տասնըութը երիտասարդներ, պարման եւ պարմանուհիներ, ՀԱՅԵՐԷՆ ընթերցասանեցին, քսան կտոր բանաստեղծութիւն եւ արձակ` ներկաներուն ծանօթացնելով տասնըերեք տարբեր հեղինակներ: Մասնակցողներէն ոմանք ամենօրեայ, ոմանք շաբաթօրեայ դպրոց յաճախած էին եւ մի քանի հոգի ալ հայկական դպրոց չէին գացած եւ հայերէնը տան մէջ ընտանիքէն սորված էին: Ունէինք հեռաւոր Վրաստանէն, եւ Անգլիայէն պարմանուհիներ: Յաճախ մեզի կը հարցնեն “ ու՞րկէ կը գտնէք մասնակիցները“: Մեր առաջին աղբիւրը տեղւոյս ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոց յաճախած շրջանաւարտներն են: Տիկ. Զարմինէ Պողոսեան Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհին մեծապէս օգտակար է եղած Գրական Յանձնախումբին:

Որոշուած ժամուն Մասնաճիւղիս փոխ ատենապետուհին ընկհ.Աստղիկ Սեւակ ձեռնարկի բացումը կատարեց, շեշտելով որ 35 տարի է որ Նիւ Եորքի Համազգայինը անտեսելով մեր դժուար պայմանները այս ծրագիրը կը գործադրէ ամէն գարնան: Ապա հրաւիրեց ընկ. Հրանդ Մարգարեան օրուայ յայտագիրը վարելու: Մարգարեան նշեց կարեւորութիւնը այս օտարածին սերունդին մասնակցութեան` որ ամէն տարի Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, ՀԱՅԵՐԷՆով կ’ընթերցէ` կարծես թուրքին ըսել կ’ուզէ “ձախողեցար … գիտե՞ս մենք դեռ կանք“: Յայտագիրը սկսաւ, Հրանդ Մարգարեանի իւրաքանչիւր հեղինակի կարճ կենսագրականը տալով: Միաժամանակ հեղինակի լուսապատկերը կը ցուցադրուէր (PowerPoint) ով : Երեկոն իրապէս դաստիարակչական էր: Մասնակցողները ըստ իրենց տրուած ցանկին յաջորդաբար բարձրախօսին մօտենալով ընթերցեցին հետեւեալ հեղինակներու կտորները:
Գեւորգ Էմինի` Ախ այս Մասիսը, եւ Սիլվա Կապուտիկեանի` Մասիսին մօտիկ, Նիքոլըս Առաքելեան: Մասիսին նուիրուած ընթերցումներու ընթացքին կը վայելէինք ձիւնածածկ Արարատի նկարները : Վահան Թէքէեանի` Ահաւոր բան մը այնտեղ , Մարի Պիճէմէնեան,եւ Հպարտութիւն` Արթիւր Իփէք: Սիլվա Կապուտիկեանի` Քո մայր լեզուն Արեւ Եբրեմեան: Պարոյր Սեւակի Հայաստան, Միլէնա Ամիրխանեան: Դանիէլ Վարուժանի` Դերենիկ , Սեւակ Եբրեմեան: Վեհանոյշ ԹէքեանիՊիտի երկիր երթանք, Թամար Սամուէլեան, եւ Քանի որ ես այդտեղ չեմ, Նիքոլ Մառք: Մկօ Փանոսեանի` Բողոքում եմ, Յարութ Պարսումեան: Վահագն Դաւթեանի` Թէ Հրաշքով Ճամբաս տանի , Թալին Նիկտէլեան: Հրանդ Մարգարեանին ներկայացուց բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թէքեան Պարոյր Սեւակէն փոխ առնելով “Ինչե՜ր Ինչե՜ր ասես որ չէ արել Հ. Մարգարեանը:“: Մարգարեանի ` Պահակները, ընթերցեց Անի Սեւակ եւ միաժամանակ ցուցադրուեցաւ Մուսա Լերան, Վաքըֆ գիւղի բնակիչները – “Պահակները“ ինչպէս կ’անուանէ զիրենք Հրանդ Մարգարեան: Մարգարեանի Վանայ Ծովու Ափին, ընթերցեց Մարիա Պարսումեան, եւ միաժամանակ ցուցադրուեցաւ Վանայ Ծովը, Աղթամար կղզին Ս. Խաչ Եկեղեցիով: Հրանդ Մարգարեան նշեց որ այս տարի Համօ Սահեանի ծննդեան 100-ամեակն է: Սահեանէն ընթերցուեցաւ` Իմ Պապը, Հեղինէ Միրզոյեան, Հայ Ժողովուրդին, Փաթրիք Քերեստէճեան եւ Ախըր ես ինչպէս, Սուսաննա Սարգսեան: Շաւարշ Նարդունիի` արձակը Գիւղիս Սուգը ընթերցեց Մհեր Ճանօեան, եւ Կարօտ Հայ Լեզուի` Նայիրի Էսայան: Սիամանթօյի` Ափ մը մոխիր, Սարինէ Թիւրպէնտեան : Վրէժ Արմէնի` Զաւակս Հայաստան կ’երթայ,Մարիա Պարսումեան:

Մարգարեանի կենսագրականը:
Յուզող եւ ուրախացնող երեկոյ մը իսկապէս: Բոլոր մասնակցողները կարդացին սահուն հասկնալով իրենց ընթերցած խորիմաստ տողերը ճշդօրէն մեկնաբանեցին ընթերցումները: Այո, գրեթէ 100 տարի ետք մեր երրորդ թէ չորրորդ սերունդն է արդէն որ Ապրիլ ամսուան մէջ Հայերէն ընթերցանութեամբ թուրքին կ’ըսէ “ԿԵՆԴԱՆԻ ԵՄ“

Դանիէլ Վարուժանի բացիկներու հաւաքածոն` Համազգայինի փոխ
ատենապետուհի` Աստղիկ Սեւակէն:
Յուզումով կը յիշեմ ամիսներ առաջ Ֆէյսպուքի վրայ հայ մայր մը գրած էր, “իմ եւ ընկերուհիիս աղջնակները Յովնանեան դպրոցի միջանցքներուն մէջ կը վազվզեն: Եղեռնէն առաջ իմ մեծ հայրը եւ ընկերուհիիս մեծ հայրը Տիգրանակերտի մօտ գտնուող Սաթու Գեղի դպրոցը յաճախած են եւ միասին վազվզած գիւղի դպրոցի բակին մէջ: Զարմանալի չէ՞: Բայց ես գիտեմ որ թշնամին չյաղթեց, մենք յաղթեցինք եւ դեռ կանք:“
Ձեռնարկի աւարտին, Փոխ ատենապետուհի Աստղիկ Սեւակ բոլոր մասնակցողներուն նուիրեց Դանիէլ Վարուժանի բացիկներու հաւաքածոի ալպոմը: Իր հանգուցեալ ամուսինը Արիս Սեւակ որը նաեւ Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի անդամներէն էր, թարգմանած էր անգլերէնի:
Գինին ու պանիրը առատ էր: “Գրական Գոհարներ եւ Գինի“ ձեռնարկի 35ամեակի կարկանդակն ալ կտրուեցաւ ու բաժնուեցաւ բոլորին: Ներկաներու խանդավառութիւնը. շնորհաւորութիւնները եւ իրենց զաւակներու ելոյթով ծնողներու հպարտ ժպիտները կամ յուզումը արդէն շատ բան ըսին Գրական Յանձնախումբի անդամներուն: