ԳլխաւորԼրահոս

Համազգային «Հայ Երաժշտական Փառատօն»․- Վայելեցէք Հայ Երաժշտութեան Ոգին

Համազգային Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւնը ձեռնարկած է «Հայ Երաժշտական Փառատօն»-ի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 19-21 Յունիս 2025-ին։

10-18 տարեկան կրտսեր երաժիշտներ կրնան արձանագրուիլ մասնակցելու աշխատանոցներուն ուր առիթը պիտի ունենան համերգ ներկայացնելու ընկերակցութեամբ վաստակաւոր երաժիշտներու։

«Հայ Երաժշտական Փառատօն»-ին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ հանրածանօթ երաժիշտները՝ Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, խմբավար, դուդուկահար նաեւ շվիահար՝ Զաքար Քէշիշեան, թաւջութակահար եւ «Ղաբան Միջազգային Երաժշտական Փառատօն»-ի կազմակերպիչ՝ Սեւակ Ավանեսեան, դաշնակահար՝ Սէրուժ Գրաճեան, ջութակահար՝ Հրաչեայ Ավանեսեան, եւ ուտի վարպետ՝ Արա Տինգճեան։

Երաժիշտները պիտի վարեն աշխատանոցներ մասնակիցներուն փոխանցելու հայ եւ դասական երաժշտութեան ոգին, նրբութիւններն ու հաճոյքը։

Փառատօնը բաց է հանրութեան։  Միացէք մեզի  Յունիս 19-21-ին,  ընկերային մթնոլորտի մէջ համերգներով լի շաբաթավերջ մը անցնելու:

Advertisement Subscribe Today

Համերգներու եւ Շաբաթ իրիկուայ պարահանդէսի մուտքի տոմսերու վաճառքի մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին մօտ օրէն։

Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ արձանագրութեան համար հետեւիլ ՓԱՌԱՏՕՆ կամ այցելել  HOME – HAMAZKAYIN USA | EASTERN REGION

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button