ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԸ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second

p3 bru d  ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հոկտեմբեր 14-15, 2013-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպահայերու համագումարը կրնա՞յ թելադրել նոր ուղիներ Սփիւռքի կազմակերպուածութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համակարգման ուղղութեամբ: Հարցումը կը բխի ոչ այնքան համագումարի կոնկրետ արդիւնքներէն, այլ այն հանգամանքէն որ արդէն երրորդ առիթով տեղի ունեցած այս նախաձեռնութիւնը թերեւս հիմնարկային կայացման փուլ մտած է: Ինչպէս գրեթէ ամէն հասարակական գործընթաց, Եւրոպահայերու համագումարի հիմնարկանացման հոլովոյթը շատ հաւանաբար կանխամտածուած չէ: Ոչ ալ այս հանգրուանին կարելի է վստահ ըլլալ որ անոր բանականացման մտածողական աշխատանք կը տարուի: Ամէն պարագայի, երեւոյթի շարունակականութիւնը յատկանշական է այնքան, որ անհրաժեշտ է պահ մը կանգ առնել եւ այդ մասին խորհրդածիլ:

Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել թէ հայութեան միասնականութիւնը իր լոզունգային եւ յուզական պահերէն դուրս երկու ձեւով մտածուած է: Մէկը “հզօր պետականութեան“ հասկացողութիւնն է, որ Հեկէլեան փիլիսոփայութեան հետեւութեամբ Պետութիւնը կը համարէ հաւաքականութեան մը պատմական տրամախոհական հոլովոյթին լրումը, ազգի մը Ոգիին արտայայտումը որուն ընդմէջէն ազգի ամէն անդամ ինքզինք կը տեսնէ եւ ինքզինք ներկայացուած կը զգայ: Միւսը` “համա“ շարժումի մը գաղափարն է, որուն համաձայն ազգային պետութիւնը հետեւանք է հաւաքական զօրաշարժի: Առանձին առնուած, ազգային միասնականութիւն առաջացնելու հետամուտ այս երկու տեսլականները, պարզ է, իտէալական են եւ անիրապաշտ, եթէ ոչ պարզապէս ցնորատեսական: Այնուամենայնիւ, տասնիններորդ դարէն ի վեր անոնց տարբերակներն են որ երբեմն շատ գործնականօրէն, երբեմն ալ տոկմային ձեւով կը փորձարկենք: Իրողութիւնը այն է, որ ինչ նախաձեռնութեան ալ որ դիմած ըլլանք, ի վերջոյ անոնք ինքնաբերաբար պատշաճած են պատմական տուեալ ոլորտի պայմաններուն:

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ազգային միասնականութեան այս երկու տեսլականները կրկին ու կրկին այս կամ այն ձեւով կ՛առաջադրուին ե՛ւ հայրենական իրականութեան մէջ, ե՛ւ սփիւռքեան ոլորտին մէջ, ե՛ւ, որպէս նորութիւն, ռուսաստանեան բեմահարթակին վրայ, առանց որ ոչ մէկ ծրագիր առանձնապէս յաջողի իրականացնել հաւաքական ներուժի կազմակերպման հրամայականը: Ի դէպ, թերեւս միայն 1988-1994 արցախեան ազատամարտի յորձանուտին մէջ էր որ գործնական գետնի վրայ այդ միասնականութիւնը ոչ միայն իրականացաւ, արտայայտուեցաւ եւ հայութեան հզօր ներուժի կարողականութեան փաստը տուաւ: Բոլորս ալ հաւանաբար գիտակից ենք որ ե՛ւ սփիւռքեան կազմակերպուածութիւնը, ե՛ւ հայրենի պետութեան կայացումը անհրաժեշտ գործօններ են հայութեան ազգային ներուժի կազմակերպման ու ամենաազդեցիկ օգտագործման համար, բայց այս մէկը լափալիսեան ճշմարտութիւն մըն է միայն:

Եթէ Եւրոպահայերու համագումարը կայացման գործընթացի մէջ մտած է, ապա եւ թերեւս Սփիւռքի կազմակերպուածութեան նոր ուղի մը կը թելադրէ: Համասփիւռքեան ներկայացուցչութիւն մը պարզապէս անկարելի է, իւրաքանչիւր գաղութի ներուժը առանձին` սահմանափակ է, Սփիւռքի տարածաշրջանային կազմակերպութիւնը Եւրոպահայերու համագումարին թելադրանքով թերեւս միջանկեալ, գործնական եւ իրատես ուղի մըն է հաւաքական աշխատանքի ներուժի առաջացման համար: Ճիշդ է, Եւրոպական Միութեան իրողութիւնը կրնայ եւ ըլլալ այն իրական ենթահողը որուն վրայ նման զօրաշարժի եւ կազմակերպուածութեան պայմաններ ծնունդ կ՛առնեն: Այս իմաստով, թերեւս Եւրոպահայերու համագումարի երեւոյթը բացառիկ եւ իւրայատուկ է: Բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ կարելի չէ տարածաշրջանային բաժանումով սփիւռքեան կազմակերպուածութեան տեսութիւն մը միայն մտամարզանք է: Կան առնուազն երեք տարածաշրջաններ, ուր նման նախաձեռնութիւններու մասին կարելի է մտածել. Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա եւ Եւրասիական ցամաքամաս – թէկուզ եւ առայժմ հիմնականօրէն Ռուսական Դաշնութիւն: Միջին Արեւելքը անկասկած, չորրորդ տարածաշրջանն է, թէեւ, պարզ է, այսօրուայ աշխարհաքաղաքական խառնակութեան մէջ, երբ տեղւոյն թերեւս կարեւորագոյն համայնքին վերապրումը խնդրոյ առարկայ դարձած է, դժուար է այդ առաջնահերթութենէն անդին մտածել:

Հետեւաբար, Եւրոպահայերու համագումարին երեւոյթը սփիւռքեան համայնքներուն համար կազմակերպումի եւ հաւաքական զօրաշարժի նոր ուղիներու կարելիութեան մասին կը թելադրէ անպայման:

Բայց այդ մէկը մետալին միայն մէկ երեսն է:

Միւսը` հայրենի պետականութեան շահագրգռուածութիւնն է նման զարգացումներու եւ այդ ուղղութեամբ ներդրում կատարելու պատրաստակամութիւնը: Եւրոպայի պարագային պարզ է որ նման շահագրգռութիւն մի՛շտ ալ եղած է, թէեւ թերեւս երբեք այսքան հրատապ, որքան այս համագումարի պայմաններուն ժամանակ: Պատճառը յստակ է. Փութինի նախաձեռնած Մաքսային Միութեան Հայաստանի ստիպողական միացումը, որ Եւրոմիութեան հետ Ասոսիացման Պայմանագիրը չէզոքացուց: Առնուազն այդ մասին քիչ կասկած կը ձգեն Պրիւքսէլի թեքնոքրաթները, մինչ հայկական դիւանագիտութիւնը եռամեայ բանակցութիւններու ձախողութեան վնասուց վերահսկողութեան նոր փորձառութեան ձեռք բերման լծուած է…

Հոս է, ահաւասիկ, որ Հայաստանի դիւանագիտութեան ռազմավարական տեֆիցիթը անգամ մը եւս մէջտեղ կ՛ելլէ: Եւրոպահայերու համագումարի կազմակերպողները ի սկզբանէ քաղաքական ճշգրտութիւն ցուցաբերեցին յայտարարելով որ բանավէճի նիւթ պիտի չըլլան Հայաստանի ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան որոշումները: Աւելի՛ն, Եւրոմիութեան քաղաքացիները չվարանեցան արտայայտելու իրենց դժգոհութիւնը Պրիւքսէլին, որ այնպէս ալ ոչինչ ըրաւ թէկուզ եւ հասկնալու համար Հայաստանի տնտեսական հրամայական կարիքները որպէսզի Երեւանին դոյզն լծակ մը տար` մոսկովեան ճնշումները դիմակայելու համար: Կը մնայ որ հիմնական հարցը ո՛չ ռուսական ճնշումներն են, ո՛չ ալ եւրոպացիներու տատամսումները. այս համագումարը առիթ չէ՞ր արդեօք անդրադառնալու, որ եթէ 2010-ին, երբ Հայաստան նախաձեռնեց Եւրոմիութեան հետ միացման համաձայնագրի բանակցութիւններուն, հայկական դիւանագիտութիւնը եւրոպահայութեան ակտիւօրէն մասնակից դարձուցած ըլլար գործընթացին թերեւս այսօր աւելի տոկուն դիրքերու վրայ կ՛ըլլար` Պրիւքսէլին համոզելու որ գործընթացը բարեփոխուի եւ ոչ թէ վերադառնայ իր մեկնակէտին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles