Գլխաւոր
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մօտէն կը հետեւինք Քեսապի անմեղ բնակչութեան վրայ շղթայազերծուած վայրագ եւ կատաղի յարձակումներուն եւ անոնց հետեւող անցուդարձերուն: Յաւելեալ մտահոգութիւն եւ անորոշութիւն կը ստեղծեն այս յարձակումները, որոնց իբրեւ արդիւնք` տեղահանուեցան հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունեցող տեղւոյն հայ համայնքը, նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ բնակութիւն հաստատած, այլ փոքրամասնութիւններ:


