Լրահոս
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.-ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ Է ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ
Մարտ 16, 2011-ին կը լրանայ Ռուսիոյ Ընկերվարական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ 16 Մարտ 1921-ին կնքուած տխրահռչակ համաձայնագիրին 90-ամեակը: Այս առիթով Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նշեալ համաձայնագիրով կողմերը, ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ տարրական սկզբունքները, առանց հայկական կողմի մասնակցութեան եւ համաձայնութեան, Կարսի մարզը եւ Սուրմալուի գաւառը որոշեցին նուիրաբերել Թուրքիոյ, իսկ Նախիջեւանի երկրամասը` իբրեւ ինքնավար «տարածք», յանձնել Ատրպէյճանի խնամակալութեան:

