ԱզգայինԳլխաւոր

 ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի.- «ԱՐԴԻ» Տառատեսակի Ստեղծում


Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այսու կու գայ հայ գրասէր հանրութեան եւ հայերէնի ուսուցման մարզին մէջ մասնագէտներու ուշադրութեան յանձնելու, թէ առ ի գործադրումն Համազգայինի Է. Պատգամաւորական ժողովի որոշումներուն, իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ համացանցային ոլորտին մէջ հայերէնի տարածման, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդի հայերէնի ճանաչողութեան գործին։
Առ այդ, այսու կը յայտարարենք թողարկումը մանկական ձեռագիր «ԱՐԴԻ» տառատեսակին, որ կրնայ օգտագործուիլ տպագրական հաստատութիւններու, մանուկներու յատուկ հրատարակութիւններու խմբագիրներու եւ մանաւանդ CoralDraw, Quarkxpress, Indesign, Illustrator, Photoshop եւ այլն տպագրական ծրագրերը գործածողներու կողմէ:
«ԱՐԴԻ» տառատեսակի օգտագործմամբ, մանուկը պիտի կարենայ հայերէն գիրերը տեսնել այնպէս, ինչպէս ինք կը սորվի դպրոցին մէջ, ինչ որ աւելի դիւրըմբռնելի կ՚ըլլայ մանուկին համար եւ մտքին մէջ երկուութիւն չի ստեղծուիր։ Յայտնենք, որ այս տառատեսակի օգտագործմամբ միանմանութիւն կը ստեղծուի թէ՛ դպրոցական գիրքերու, թէ՛ քովնտի հրատարակութիւններու եւ թէ «ԱՐԴԻ» գործիքներու վրայ զանազան խաղերու (app) համար օգտագործուած տառատեսակներուն մէջ։
«ԱՐԴԻ» տառատեսակը կարելի է ներբեռնել անվճար, դիմելով Համազգայինի կայքէջին, հետեւեալ հասցէով՝
https://www.hamazkayin.com/arti/։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button