
ԵՐԵՒԱՆ – Այսօր մենք կը յայտարարենք բացումը Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին (Հ.Ի.Կ.), որ իրաւական կառոյց է, պիտի գործէ ի շահ հանրութեան, եւ որու նպատակն է յարատեւ լուծումներ գտնել Հայոց ցեղասպանութեան տակաւին շարունակուող համաշխարհային, ազգային, համայնքային եւ անհատական հետեւանքներու հարցին:
Այսօր ալ, երբ Թուրքիան, որեւէ զղջում չցուցաբերելով պաշարման մէջ կը պահէ աշխարհի հայ համայնքները, շրջափակած է Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայութիւնը, կը բորբոքէ պատերազմի բոցը, կը զրկէ այսօրուան Թուրքիոյ բնիկ հայերը կրօնական եւ մարդկային իրաւունքներէ, կը փորձէ լռեցնել Սփիւռքի համայնքները, Ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան բացակայութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս ազդել հայերու իրաւունքներուն վրայ:
Հ.Ի.Կ.-ը ազգային եւ միջազգային ատեաններու եւ հարթակներու միջոցով պիտի փորձէ հասնիլ Հայոց ցեղասպանութեան արդարացի լուծումի եւ պաշտպանել Արցախի անկախութեան իրաւունքը: ՀԻԿ-ը պիտի ջանայ համակարգել մարդկային իրաւանց խախտումներուն առնչուող հայցերը, յայտնաբերել հնարաւոր հայցուորներուն, հետաքննել խախտումները եւ հաւաքել անհրաժեշտ ապացոյցներ:
«Հ.Ի.Կ.-ը կ՚ակնկալէ աշխարհի հայ համայնքներու բոլոր հատուածներուն հետ միասնաբար աշխատիլ՝ անդրադառնալու համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ այլոց պատասխանատուութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան աշխարհաքաղաքական, տարածքային եւ խոշոր-տնտեսական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստան հայրենիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համապատասխան սփիւռքեան եւ այլ շահառուներուն փոխհատուցելու, Արցախի Հանրապետութեան ապագային վերաբերող հարցերուն, յատկապէս, երբ այսօր Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը միջազգային իրականութեան մէջ հարցականի տակ են՝ գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով,» ըսաւ ՀԻԿ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Քէնեթ Խաչիկեանը:
Կեդրոնը, միջազգային իրաւական գործունէութեան զուգահեռ, իր ուշադրութիւնը պիտի սեւեռէ Ցեղասպանութեան ընթացքին յափշտակուած կամ բռնագրաւուած հաւաքական գոյքի եւ այլ ունեցուածքի վրայ, որոնց կարգին՝ եկեղեցիներու, կրօնական վայրերու, հաստատութիւններու, դպրոցներու, թանգարաններու, մշակոյթի գործերու, մշակութային արժէքներու, գիրքերու եւ այլ ունեցուածք:
Հ.Ի.Կ.-ը պիտի արձանագրէ հայութեան ազգային, համայնքային եւ անձնական գոյքի բռնազաւթումները, որպէսզի գտնէ այնպիսի լուծումներ, որոնք տարածաշրջանին մէջ կը հաստատեն յարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն՝ հիմնուած արդարութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ:
«Հ.Ի.Կ.-ը, ազգային եւ միջազգային իրաւական ասպարէզներու մէջ Ցեղասպանութեան համար հատուցման հասնելու իր ջանքերը իրագործած ատեն, յանձն կ՚առնէ ապահովել արդարութիւն բոլոր անոնց համար, որոնք տակաւին կը կրեն այս ոճիրին վէրքերը: Իսկ աւելի լայն առումով, որպէս մարդկային իրաւանց համաշխարհային շարժումին նուիրուած կազմակերպութիւն, ՀԻԿ-ը, միջազգային իրաւունքի եւ համաշխարհային մարդասիրական արժէքներուն համահունչ իրաւական նախադէպեր ստեղծելու եւ համապատասխան քաղաքականութեան մշակումին աջակցելու միջոցով, պիտի աշխատի ապագայ բռնութիւնները կանխելու ուղղութեամբ,» ըսաւ ՀԻԿ Տնօրէն խորհուրդի անդամ Կիրոյ Մանոյեանը:
Անցեալ դարասկիզբին, այսօրուան Թուրքիոյ տարածքը միլիոնաւոր հայերէ, յոյներէ, պոնտոսցիներէ, ասորիներէ, քաղդէացիներէ բաղկացած մեծաթիւ, հնամեայ եւ կենսունակ, բնիկ քրիստոնեաներու հայրենիքն էր, որոնք կը կազմէին բնակչութեան մօտ 25 տոկոսը: Այսօր այդ համայնքները կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան ընդամէնը 0.1 տոկոսը: Մարդիկ հետապնդուած են իրենց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին խօսելու կամ գրելու համար, իսկ Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ սերտ համագործակցելով շրջափակած է Հայաստանն ու Արցախը, ուր կը բնակին այն մարդոց թոռները, որոնց կը փորձէր բնաջնջել:
Տասնամեակներ անց արդէն պարզ է, որ հարկաւոր է այնպիսի բնորդ, որ հիմնուած կ՚ըլլայ արդարութեան, այլ ոչ՝ ցեղասպանութեան վրայ: Հ.Ի.Կ.-ը պիտի լրացնէ այդ բացը:
Հ.Ի.Կ.-ի գործադիր տնօրէնը պիտի ըլլայ Քէյթ Նահապետեանը, հաւաքական հայցերու մեծ փորձառութեամբ փաստաբան, որ աւելի քան տասը տարի Ուաշինկթընի մէջ աշխատած է ամերիկահայերու պաշտպանութեան հարցերով: Տիկին Նահապետեանը նախապէս աշխատած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ, Ա.Մ.Ն. Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, այն ժամանակ ծերակուտական Ճոզէֆ Պայտընի հետ եւ Միջազգային Խաղաղութեան Քարնըկիի Հիմնադրամին մէջ: Ան միջազգային եւ մարդկային իրաւանց գծով իրաւագիտութեան դոկտորի աստիճան ստացած է Պըրքլիի Գալիֆորնիոյ համալսարանին իրաւագիտութեան բաժանմունքէն՝ մասամբ ֆինանսաւորուելով հեղինակաւոր՝ Նոր ամերիկացիներու համար Փօլ եւ Տէյզի Սորոսներու կրթաթոշակին կողմէ: Տիկ. Նահապետեանը Քալիֆորնիոյ եւ Նիւ Եորքի փաստաբանական պալատներուն անդամ է: Այժմ ան կը զբաղուի գլխաւորաբար դաշնակցային դատարաններուն մէջ ընթացող գործերով:
Հ.Ի.Կ.-ի կենրոնատեղին պիտի գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, բայց պիտի աշխատի միջազգային ասպարէզին մէջ՝ ուշադրութիւնը սեւեռելով հատուցման հասնելու համար բոլոր հնարաւորութիւններուն: Տնօրէններու խորհուրդի անդամները թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Սփիւռքի համայնքներէ են:
Տնօրէն խորհուրդի նախագահն է Քէնեթ Խաչիկեանը (Ա.Մ.Ն.), որ երկար տարիներ գործօն կերպով աշխատած է մեր համայնքին մէջ. Տնօրէններու խորհուրդի անդամներն են Կարօ Արմենեանը (Ա.Մ.Ն.), Սթիւ Տէտէեանը (Ա.Մ.Ն.), Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը (Գանատա), Գէորգ Յակոբճեանը (Աւստրիա), Րաֆֆի Համբարեանը (Ա.Մ.Ն.), Խաժակ Քորթեանը (Աւստրալիա), Կիրօ Մանոյեանը (Հայաստան), Էտուին Մինասեանը (Ա.Մ.Ն.), Երուանդ Փամբուքեանը (Լիբանան), Րաֆֆի Սարգիսեանը (Գանատա), դոկտ. Հենրի Թերիոն (Ա.Մ.Ն.), դոկտոր Վլատիմիր Վարդանեանը (Հայաստան) եւ Վահէ Եագուպեանը (Ա.Մ.Ն.):
Պիտի ըլլայ նաեւ լայն ներկայացուցչական խորհրդականներու կազմ՝ բաղկացած միջազգային օրէնքի, մարդկային իրաւանց եւ Հ.Ի.Կ.֊ի աշխատանքներուն անհրաժեշտ ոլորտներու այլ փորձագէտներէ:
Հ.Ի.Կ.-ը սկսկած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հիմնադրամի առատաձեռն դրամաշնորհով եւ պիտի ջանայ ստանալ համայնքներու նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը՝ իր աշխատանքները զօրացնելու համար:
Յաւելեալ տեղեկութեան եւ նուիրատուութիւն կատարելու համար կը խնդրենք, որ այցելէք Հ.Ի.Կ.֊ի կայքը՝ www.armenianlegal.org հասցէով։
* * * *
Armenian Legal Center for Justice and Human Rights
1711 N Street NW
Washington, DC 20036
+1 (202) 742-8702
contact@armenianlegal.org