Լրահոս

ՀԱԿԱՀԱՅ ԺՈՂՈՎԻ ՄԸ… ՄԻԱՅՆ ԵՕԹ ՆԵՐԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

p3 Van Symposyium

ՎԱՆ.- Ապրիլ 24-ին, Վանի “Եուզինճի Իլ“ համալսարանին մէջ “Հայերը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Օրերուն“ խորագրով գիտաժողով կազմակերպուած է, մասնակցու-թեամբ 32 գիտնականներու: Հանրութեան եւ ուսանողութեան համար վերապահուած այս ժո-ղովին, ընդամէնը եօթ ունկնդիրներ մասնակցեցան:
“Ակօս“ շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերակցութիւնը, որ յայտնի է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման հարցին մէջ իբրեւ թրքական պաշտօնական տեսակէտներու հեղինակ, կազմակերպած է այս գիտաժողովը:
Հիմնարկի ղեկավար Մեհմետ Մեթին Հուլաղու իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնաբերեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը “արդարացնող“ զաւեշտական “պաշտօնական տեսա-կէտ“ մը, յայտնելով թէ “Ապրիլ 24-ը հայերուն կողմէ անհիմն մտահայեցողութեան խորհրդա-նիշ է, իսկ թուրքերուն համար անիկա Չանաքալէի պատերազմը կը յիշեցնէ“: Ըստ թուրք պատմաբանին, այն պարագային, երբ թուրքերը Տարտանելի մէջ “մահ ու կենաց“ պատե-րազմ կը մղէին, հայերը “կռնակէն հարուածներ կը հասցնէին“, որուն համար ալ թրքական պետութիւնը ստիպուած եղած է անոնց հեռացնել “ապահով վայրեր“՝ Տէր Զօրի “բերքաբեր հողեր“: Ըստ անոր, 1915-ի իրադարձութիւններուն մէջ քսան հազարէն “ոչ աւելի“ հայ մահա-ցած է, այդ ալ՝ համաճարակներուն պատճառով: “Իսկ հայերը այդ ժամանակ երեք հարիւր հազարէն աւելի թուրք սպաննած են: Այնպէս որ, հայերը թուրքերուն կոտորած են, ոչ թէ հա-կառակը“, յայտարարած է ինքզինք պատմաբան համարող այդ գիտնականը:
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի Ապրլ 24-ի ցաւակցական ուղերձին զուգահեռ՝ հայերուն համար պատմական նշանակութիւն ունեցող Վանի մէջ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերու-թեան կողմէ 99-ամեայ ժխտման պնդումները նորացնող գիտաժողով կազմակերպելը ստուե-րի տակ կÿառնէ վարչապետին ցաւակցութիւնը:
Նշենք թէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Նոյեմբեր 15, 2013-ին յայտա-րարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ հայկա-կան կողմի պնդումներուն դէմ “գիտական ապացոյցներ“ մշակելու նպատակով Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան կից “Հայկական հարցին հետ կապ-ուած աշխատանքներ կատարող կեդրոն“ ստեղծուած է, որուն համար պետու-թիւնը շուրջ 8,5 միլիոն թրքական լիրա (մօտաւորապէս չորս միլիոն տոլար) յատ-կացուցած է եւ այս պետական պատուէրը “պատուով“ կատարած Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերակցութեան:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button