Գլխաւոր

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ Հ.Յ.Դ. 124-ԱՄԵԱԿ.- «ՁԵՐ ԹԻԿՈՒՆՔԻՆ ՄԻ ԱՄԲՈՂՋ ԱԶԳ Է ԿԱՆԳՆԱԾ», ՅԱՅՏՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

alep

Դեկտեմբեր 17-ին, «124 Տարի Մտքի, Կամքի եւ Խղճի Երթ» բնաբանով, Հալէպի մէջ նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. 124-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Հակառակ ապահովական դժուար պայմաններուն, հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ այս հանդիսութեան, որոնց կարգին յարանուանութեան, ազգային, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկաները հետեւեցան տեսաերիզի մը «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւնն ու անոր ներդրումը Սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպահայութեան կեանքին մէջ» խորագրով:
Աւարտին, Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, իր սրտի խօսքին մէջ հանգամանօրէն մարմնաւորեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ըսելով, որ Մտքի, Կամքի եւ Խղճի տէր Կուսակցութիւն ըլլալ կը նշանակէ ամբողջական մարդ ըլլալ, որ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու ժողովուրդի ամբողջական իղձերը դրսեւորողը եղաւ 124 տարիներ շարունակ, ապա մատնանշեց, որ 124րդ տարեդարձը լրջանալու, ինքնաքննութեան, հաշուեքննութեան եւ ինքնասրբագրման լաւագոյն պահն է, ուր մեր յուսադրող կամքը, նուիրական ծառայութիւնը հարկ է կենսունակօրէն գործի վերածել ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար:
Հուսկ, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց փոխակերպուելու` հոգեպէս, մտային մեր ներաշխարով եւ յատկապէս մեր կեցուածքներով, կերտելու նորանոր նուաճումներ:
Հ.Յ.Դ. 124րդ ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:
Ստորեւ, յապաւումով Հրանդ Մարգարեանի խօսքը.-

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button