ՀԱԼԷՊ` ԿԱՐՕՏԱԼԻ ՔԱՂԱՔՍ
Կարօտալի քաղաքս` Հալէպ: Աւելի ճիշդ ծննդավայր քաղաքս:
Կրկին ու կրկին անգամներ կը դիտեմ նկարները: Աւերակ ու տխուր տեսարաններ: Ուշի ուշով կ՛ունկնդրեմ իրմէ հասնող հակասական լուրերը:
Այս մէկը հայրենասիրական թելադրանք չէ. այլ` տեսակ մը սէր, միւսներէն տարբեր սէր մը: Անոր համար կրնամ սահուն կերպով կարդալ անոր հոգիի գիրքը ու անձայն կ՛աղօթեմ: Մեր քաղաքի աղօթքներուն լեզուն միայն մենք է, որ կը հասկնանք. մենք` նոյն քաղաքին մէջ ծնածներս:
Ամբողջովին հարազատ մտածման արդիւնք են այս բոլորը:
Ու ես իբրեւ վշտահար անցորդ, կը տեսնեմ նոյն քաղաքի պատերուն տակ անմարդկային տառապանքը, որոնք մէջս կ՛արթնցնեն բնազդական բնոյթ կրող ապրումներ: Այնպէս կ՛երեւի, թէ արդէն ինքնակոչ հազար միտքեր սկսած են այցելել, ինծի գալ:
Տաժանելի է այս զգացումը: Կ՛ուզեմ ես ինձմէ խոյս տալ:
Խոր է իրականութիւնը եւ իրապաշտ կը կրկնեմ. ու կրկին կը վերադառնամ նկարներուն:
Քաղաքը, երկիրը, այդ հողը ինծի կը նային:
Միտքս, թէեւ անհանգիստ, սակայն այլեւս կարիքը չունի խօլական թռիչքներու: Հոգիս կարծես բացուած է դէպի անհունները:
Ամէն բան յստակ է եւ հասարակ: Նաեւ ամէն բան բարդ է եւ անորոշ: Լաւ կամ գէշ չեմ գիտեր: Բայց այդպէս է: Տարակուսանքներ, յիշատակներ եւ ներքին պայքար, պաշարած են ժամերս ու զիս գրեթէ ամէն օր եւ ամէն ժամ:
Կը լսեմ, հոն մերինները, ամէն վայրկեան իբրեւ մարդ ապրելու կողքին նաեւ հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կամքն է, որ կը հաստատեն:
Կայ նաեւ աւելին: Հոն ներկայ է հայ միտքի շունչը, հայ հոգիի թռիչքը:
Անոր համար լաւ եմ այսպէս: Վերջապէս ի տես այս բոլորին, ես ինծի հետ եմ:
Այս օրերուն եթէ հայրենիքէն ներս հազարաւոր շատերու համար հայ ըլլալը մեծ բեռ մըն է ու ճակատագրական, անոր համար խոյս կու տան, հոնկէ կ՛արտագաղթեն. սակայն մեր այդ չոր ու ցամաք քաղաքին մէջ, հայորդիներ կապուած կը մնան իրենց աւանդութեան, սրբութեան եւ հայութեան, որովհետեւ իրենց համար հոն հայ ըլլալը եւ հայ մնալը պատիւ ալ է:
Անոր համար էր, որ տարիներ առաջ ես, սիրտս թողած էի հո՛ն, անձայն, այդ հայ կեանքի կեդրոնին մէջ:
Հոն »մերոնք« պատերը շոշափող կոյրերու նման խաղաղութիւն եւ յոյս կը փնտռեն:
Կը զգամ: Այս բոլորը իմ ենթագիտակցութեանս մէջ հին ու նոր յիշատակներ իջեցուցած են ու մտածումներս կ՛առաջնորդեն հաստատապէս:
Քաղաքս, ուր խիղճը թմրած է ու անշմարելի եւ գրեթէ անյայտ դարձած է, ուր մարդոց բառերուն ծայրին վիշտն է կախուած ու մահը կրկին անգամ սեւ դրօշակը բարձրացուցած է. հիմա դժոխքի մը վերածուած է:
Մարդիկ եղբայրասպան բանակի վերածուած են եւ արդարութեան դաշտը լուռ է: Անապատ: Անոր խոտերը արիւնով կը սնանին, ինչպէս կ՛ըսեն:
Հոն ամէն բան դուրսէն թելադրուած է. որովհետեւ այդ քաղաքին վրայէն մահուան մրրիկն է, որ կ՛անցնի դանդաղ ու նոյնքան վայրագ ու մարդոց շրթուքներուն վրայ մահը միշտ ներկայ է: Բայց եթէ հոն կեանքը հայութիւն կ՛որսայ, հաստատապէս հայութիւնն ալ` կեանքը, որովհետեւ հոն միշտ կայ հայօրէն ապրելու ցանկութիւնը:


