ՀԱԼԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ

 Յետ եղեռնեան շրջանի Հալէպի առաջին ծխական կառոյցը եղած էր, Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ առաքելական Սուրբ Գէորգ  եկեղեցին, որ ըստ վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, քանի մը օրէ ի վեր դարձած է հրոյ ճարակ: Այսպէս, ըստ Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի, հրկիզուած են եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարները ու սրբազգեստները: Նաեւ, լուրջ վնասներ կրած է Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը` իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:Եկեղեցին ունի երեք խորաններ, վերնատուն, զանգակատուն եւ մկրտութեան աւազան:

Հիմնուած 1923ին, Սուլէյմանիյէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ` որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցի, 1936ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանի մէջ 1937ին կառուցուած է Սուրբ Գէորգը` որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955 թուական: Եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է, եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 25-26, 1965ին, ձեռամբ` օրուայ Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք.Չէպէեանի:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button