Արտերկիր
Հալէպի Մէջ.- Արցախի Նահատակներուն Նուիրուած Յուշակոթող
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»)․- Կիրակի, Նոյեմբեր 7-ին, ազգային գերեզմանատան մէջ, բացումը կատարուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հալէպահայ երիտասարդներ՝ ուխտի եկած Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նահատակութեան նուիրուած յուշակոթողին:

